image

Բիւզանդ Պէրպէրեան. «Սփիւռքը Արցախի կողքին է» (Տեսանիւթ)

Բիւզանդ Պէրպէրեան. «Սփիւռքը Արցախի կողքին է» (Տեսանիւթ)

Արեւմտեան Ամերիկայի  ՀՅԴ ՀԵԴ-ի անդամ     խումբ  մը  երիտասարդներ 2 շաբաթէ  ի վեր կը գտնուին  Հայաստան, եւ  կ'իրականացնեն ընկերային աջակցութեան հերթական ծրագրեր: Անոնք ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով անյայտ կորսուած, զոհուած կամաւորներու եւ զինծառայողներու ընտանքիներուն նիւթապէս կ'աջակցին։

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ՝ Բիւզանդ Պէրպէրեանի խօսքով իրենց նպատակը ոչ միայն նիւթական աջակցութիւն հասցընելն է, այլ նաեւ կորուստներ ունեցող հայ ընտանիքներու կողքին ըլլալը եւ հոգեբանօրէն ներազդելը՝ այս ծանր վիճակէն դուրս գալու համար:

«Այս պատերազմէն ետք որոշեցինք, յատկապէս Շուշիէն տեղահանուած ընտանինքերուն օգնել, յատկապէս անոնց, որոնք կորուստներ ունին եւ որոշեցինք գալ այստեղ (նկատի ունի՝ Ստեփանակերտ), որպէսզի հասնինք անոնց կարիքներուն»։

«Ընդհանրապէս իւրաքանչիւր ընտանիքի 1000 ամն տոլար, մի քանի ընտանիքի ալ 500 տոլար կը տրամադրենք, գիտենք նաեւ, որ այս գումարները մեծ գումարներ չեն, բայց կ'ուզենք իրենց ցոյց տալ, որ սփիւռքի հայութիւնը մտահոգ է իրենցմով եւ կը կիսէ իրենց ցաւը»

Նշենք, որ այս փուլին աջակցութիւնը 50-է աւելի ընտանիքներու հասցէագրուած է: Նախաձեռնութեան հեղինակները Շուշեցի իրենց ընկերոջ հետ կ'այցելեն տուն առ տուն եւ առ ձեռն կը փոխանցեն գումարը: Անոնք լիայոյս են, որ կը կարողանան հնարաւորութիւնները աւելցնել եւ շահառուներու ցանկը ընդլայնել:

Երիտասարդ Դաշնակցականները մտադիր են Արցախի մէջ երիտասարդներու հետ կապուած այլ ծրագրեր եւս իրականացնել:

 

 

«Արեւելք» նիւթը    քաղած է   Արցախի պետական հեռուստակայանէն։