image

«Կապանը լքուած է, բայց ժողովուրդի ոգին՝ հերոսական» Սեպուհ Շըխրտմեան

«Կապանը լքուած է, բայց ժողովուրդի  ոգին՝ հերոսական» Սեպուհ Շըխրտմեան

-Գիտենք, որ Կապանի մէջ կը բնակիք, այս օրերուն ինչպիսի՞ իրավիճակ կը տիրէ այդ մէջ:

Եթէ կարճ նկարագրենք Կապանի մէջ տիրող իրավիճակը, ապա այնպիսի տպաւորութիւն է, որ թշնամիներով շրջապատուած Կապանը իշխանութեան կողմէ լքուած քաղաք է, ուր կ'ապրի հերոսական ժողովուրդ, պատրաստ՝ դիմագրաւելու ամէն դժուարութեան:

 

-Ի՞նչ փոխուեցաւ ձեր կեանքին մէջ պատերազմէն ետք, եւ արդեօք մտավախութիւններ կա՞ն ապագային նակտմամբ:

Ի հարկէ, կան մտավախութիւններ ապագայի մասին: Առայժմ ամբողջովին չգիտակցուած պարտութեան տնտեսական, բարոյական, հոգեբանական հետեւանքները, որոնք, անշուշտ, բացասական ազդեցութիւն պիտի ձգեն ժողովուրդի ապրելակերպի, հոգեբանութեան,  եւ ոգիին վրայ: Դեռ ժամանակ պէտք է այդ ամէնը ամբողջական հասկնալու, գնահատելու եւ ապագայի ծրագրեր կազմելու համար:

 

-Ընդհանրապէս որպէս հայրենադարձուած հայրենակից, ի՞նչ զգացումներ ունեցաք այս պատերազմի ընթացքին, պատերազմի աւարտէն ետք, եւ ի՞նչ մտածումներ ունիք Հայաստանի ապագային հետ կապուած:

Ես զինուորագրուած եղած եմ «Արամ Մանուկեան» կամաւորական վաշտին եւ լսելով չէ, որ գիտեմ պատերազմի մասին: Զինուորներու եւ ժողովուրդի մօտ մարտական ոգիի պակաս չկար, կար մեծ հաւատք, որ այս պատերազմը նոյնպէս յաղթական աւարտ պիտի ունենայ, բայց պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած են այնպիսի անհասկնալի գործողութիւններ, հրամաններ, որ անկախ քեզմէ, կը մտածես՝արդեօք մենք դաւադրութեան զոհ դարձա՞ծ ենք: Մինչեւ հիմա ինծի համար անհասկնալի են առանց կռուելու բնակավայրերը լքելու հրամանները, բանակին անհրաժեշտ նուազագոյն կարիքները չհոգալու անպատասխանատւութիւնը կամ դիտաւորութիւնը... պատերազմի ընթացքին շատ հարցեր առաջացան, անպատասխան մնացին, որոնց բացայայտումը կը կարծեմ տեղի պիտի ունենայ միայն իշխանափոխութենէն ետք:

Հայաստանի ապագան շատ մտահոգիչ է, այս իշխանութիւնները մնալու պարագային՝ անորոշ: Հայաստանի ապագան այլեւս պէտք է ըլլայ աշխարհասփիւռ հայութեան թիւ մէկ մտահոգութիւնը: Ամբողջ հայութիւնը իր նիւթական, տնտեսական, գիտական, մարդկային ներուժը պէտք է ներդնէ Հայաստանի մէջ, որպէսզի այն ունենայ արժանապատիւ ապագայ, հակառակ պարագային, Հայաստանի ապագան վտանգուած է եւ մշուշապատ:

 

-Ձեր կարծիքով, արդեօք Սիւնեաց աշխարհը վտանգուած է:

Այո, Սիւնիքը վտանգուած է: Ես չեմ գիտեր, թէ ինչ գաղտնի փաստաթուղթեր ստորագրած է օրուայ վարչապետը, բայց Սիւնիքի բնակավայրերը օրէ օր կը փոքրանան եւ բնակելու համար կը դառնան վտանգաւոր եւ խոցելի: Եթէ սիւնեցին շարունակէ մինակ մնալ իր դժուարութիւններուն հետ, ապա վախնամ սկսի մեծ արտագաղթ: Պէտք է մեծ ուշադրութիւն դարձնել Սիւնիքին եւ սիւնեցիին:

 

-Ի՞նչ պէտք է ընենք հայութիւնն ու Հայաստանը այս ծանր վիճակէն դուրս բերելու համար:

Ընելիքներ շատ կան, բայց յատկապէս կը կարեւորեմ տնտեսութեան զարգացումը եւ բանակաշինութիւնը: Պէտք են ներդրումներ՝ տնտեսութիւնը զարգացնելու համար, ստեղծել նոր աշխատատեղեր՝ արտագաղթը կանգնեցնելու համար, պէտք են միջոցներ՝ բանակը վերակազմաւորելու, յատկապէս սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ պէտք է կիրառել ազգ-բանակ համակարգը: Եթէ մենք չունենանք ժամանակակից եւ մարտական ոգիի տէր բանակ, եթէ չըստեղծենք աշխատատեղեր, ապա մեր բոլորին հպարտութիւնը հանդիսացող Հայաստանի պետականութիւնը կրնանք կորսնցնել: