image

«ԼՂ հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, ազգերու միջեւ թշնամանքը կը շարունակուի». Թոմաս տը Վաալ

«ԼՂ հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ, ազգերու միջեւ թշնամանքը կը շարունակուի». Թոմաս տը Վաալ

BBC-ի ռուսական ծառայութենէն կը կարդանք, «Քարնէկի հիմնադրամի» աւագ գիտաշխատող՝ Թոմաս տը Վաալի զեկոյցը, փետրուարի սկիզբին Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակի մասին, ուր Տը Վաալ ներկայացուցած է դիւանագիտական, քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական խնդիրներ, որոնք մնացած են չկարգաւորուած պատերազմէն ետք:

Զեկոյցի հեղինակը, մասնաւորապէս, գրած է, որ Ղարաբաղի համար պատերազմը աւարտած է երեք ամիս առաջ եւ յաղթողն ու պարտուողը փոխուած են տեղերով, սակայն հակամարտութիւնը կարգաւորուած չէ. ատրպէյճանցիներու եւ հայերու միջեւ թշնամանքը կը շարունակուի, իսկ Ռուսաստանը կանգնած է դժուար ընտրութեան առջեւ։

Տը Վաալ պնդած է, որ 10 նոյեմբերին ստորագրուած հրադադարը վերջ չէ տուած հակամարտութեան, կողմերը տարբեր ձեւով կը մեկնաբանեն եռակողմ յայտարարութեան կարճ բնագիրը։ Օրինակ, ինչ կը վերաբերի հայկական զօրքերը Ղարաբաղէն դուրս հանելու դրոյթին, Երեւանը կը համարէ, որ այս կը վերաբերի բացառապէս այն շրջաններուն, որոնք անցած են ատրպէյճանցիներուն, Պաքուն` հակառակը կը յայտարարէ, որ հայկական ուժերը պէտք է դուրս ելլեն ամբողջ Ղարաբաղի տարածքէն, ներառեալ` հայկական կողմին մնացած շրջաններէն եւ աւելին՝ հայաստանեան պաշտօնեաները Ղարաբաղ այցելելէ առաջ պէտք է թոյլտուութիւն ստանան Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն։

Զեկոյցը նշած է նաեւ, որ չկայ փոխըմբռնում Պաքուի եւ Հայաստանի միջեւ գերիներու վերադարձի հարցով։

Ալիեւի, Փաշինեանի եւ Փութինի ստորագրած համաձայնագրի կէտերէն մէկը ռազմագերիներու եւ զոհուածներու մարմիններուն վերադարձի մասին է։ Երեք ամիս անց, սակայն, այս թեման կը մնայ ցաւոտ խնդիր: Տասնեակ, իսկ որոշ գնահատականներով՝ 100-էն աւելի հայ գերիներ կը մնան Ատրպէյճան, եւ անյայտ (բայց ոչ մեծ) թիւով ատրպէյճանցիներ դեռ կը գտնուին հայկական գերութեան մէջ։ Աւելին` 60-էն աւելի հայեր գերի վերցուած են պատերազմի աւարտէն յետոյ, եւ Պաքուն կը ցանկայ զանոնք դատել, որպէս յանցագործներ, այլ ոչ թէ վերադարձնել, որպէս ռազմագերիներ, նշած է զեկոյցը։

Հեղինակը անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ դերին` շեշտելով, թէ 10 նոյեմբերի յայտարարութիւնը ոչ մէկ կերպ չի կարգաւորեր Թուրքիոյ դերը Ղարաբաղի մէջ, սակայն վերջին մէկ տարուայ ընթացքին, ան դարձած է տարածաշրջանային գործընթացներու առանցքային մասնակից։ Թրքական ռազմական սարքաւորումները, առաջին հերթին հարուածային անօդաչու սարքերը, կարեւոր դեր խաղցած են մարտադաշտին վրայ Ատրպէյճանի յաղթանակի գործով: Զեկոյցով նշուած է` բայց Անգարան նաեւ կը յաւակնի մասնակցիլ դիւանագիտական գործընթացին՝ խիստ քննադատելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը։ Այսօր Թուրքիան միայն սահմանափակ դեր ստացած է Ռուսաստանի հետ Աղդամի մօտ համատեղ մշտադիտարկման կեդրոնի ծիրէն ներս։ Ռուսաստանի հետ պայմանագրի համաձայն՝ թուրք զինուորականները առանց լքելու կեդրոնը զինադադարին կը հետեւին անօդաչու թռչող սարքերու տեսանիւթերով:

Զեկոյցին մէջ մտահոգութիւն կայ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած հայկական միջնադարեան քրիստոնեայ մշակութային յուշարձաններու ճակատագրին հետ կապուած։ Տը Վաալ գրած է, որ կայ վտանգ, որ ատրպէյճանական կողմին անցած տարածքներէն ներս պարզապէս չի մնայ հայկական հետք։

Զեկոյցի հեղինակը նաեւ արձանագրած է, որ Մինսքի խումբը կորսնցուցած է իր հեղինակութիւնը, եւ այսօր, իրական ազդեցութիւն Ղարաբաղի մէջ ունի միայն Ռուսաստանը: Տը Վաալ նշած է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգները բաւական կրաւորական է Ղարաբաղի մէջ, իսկ Ֆրանսան չի ընկալուիր, որպէս չեզոք միջնորդ Ատրպէյճանի կողմէ: