image

Նասրալլա VS Ռահի պայքարը. Կամ Լիբանանին համար «Թատուիլ»ը անձնասպանութեան համազօր է

Նասրալլա  VS Ռահի  պայքարը. Կամ  Լիբանանին համար «Թատուիլ»ը   անձնասպանութեան համազօր է

 Լիբանանի մէջ «նոր» ականը մէջտեղ կը բերուէր ճիշդ այն պահուն, երբ Մարոնիթ համայնքի գլխաւոր պետ՝ Ռահի Պատրիարքը, կիրակնօրեայ իր պատգամին ընթացքին կը խօսէր «Լիբանանեան խնդիր»ը միջազգային հարթակի ճամբով լուծելու ընտրանքներուն մասին։

 

 Այդ յղացքը, որ բաւականին հին արմատներ ունի կը կոչուի՝ «Թատուիլ», որուն հիմքով ալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդ կրնայ գումարել արտահերթ ժողով եւ այդ ժողովի աւարտին նկատելով որ Լիբանանի «գործերը» լաւ չեն ստեղծել յատուկ մարմին մը, որ պիտի զբաղուի երկրի խնդիրները լուծելով։

 Բնականաբար, երբ «Լիբանանեան խնդիր» կ՚ըսենք, շատերուս մտքին կ՚ուրուագծուի «Հըզպալլա»ի պարագան, որ վերջին տարիներուն ալ շնորհիւ «Արեւմտեան պլոք»ի լրատուական «դրդումներուն» դարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի կափարիչը բացող թիւ մէկ «դրէնտ»։

 

 Նորութիւն մը չէ անշուշտ, որ Պէյրութը, ինչպէս երէկ այսօր եւս կը շարունակէ հանդիսանալ մեծ պայքարներու ու նաեւ տարածաշրջանին մէջ մեծ պայքար տանողներու գեր-տէրութեանց կիզակէտ։

 Այսօր պարզապէս անուններն են փոխուած եւ ընդհանուր ուղղութիւնները, ընդհանուր գիծերն ու մօտեցման յենակէտները կը շարունակեն մնալ նոյնը։

 

 Երէկ թիրախը պաղեստինեան ճակատն էր, որ ինչ-ինչ պատճառներով եւ յաճախ հասկնալիօրէն դարձած էր Լիբանանցի քրիստոնեաներուն «աչքի փուշ»ը, այսօր այդ վիճակը չկայ, սակայն գոյութիւն ունի սուր պայքար, մէկ կողմէ սիւնիի-արեւմտուք «պայմանական» եւ նոյնիսկ «շահակցական» դաշինքին եւ միւս կողմէ ալ գաղափարական հէնք ունեցող շիիթ-ռուսական դաշինքին միջեւ։

 Այս երկուքէն դուրս միւս խաղացողները, պարզապէս փոքր մանրամասնութիւններ են, որոնք բաւականին անուժ են եւ յաճախ ալ կը պայքարին իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար։

 

 Մինչ երէկ Լիբանանի միաւորուած գոյութեան մեծ վտանգ կը սպառնար պաղեստինեան զինեալ ներկայութիւնը, այսօր դրուածքն այնպէս դրուած ու խմբագրուած է, որուն հիմամբ «Հըզպալլա»ն դարձած է հիմնական սպառնալիք լիպէրալ եւ ազատական ընկալումներու համար պայքարող երկրի միւս հատուածին համար։

 Ու եթէ մէկդի դնենք առաջ քաշուած թէզին վիճարկելիութեան հիմնական երեսակները տեղ մը պիտի անպայման ընդունինք եւ բացայայտ կերպով ալ ըսենք, որ ինչ-ինչ լարումներէ եւ բաւականիոն տարողունակ զարգացումներէ ետք լիբանանեան հասարակութիւնը տեղ մը հորիզոնական գիծով եւ նոյնիսկ իրար չհասկնալու կամ չհանդիպելու «կարելիութեամբ» կիսուած է երկու մասի։

 Անոնք, որ կը հաւատան, եւ կը յարգեն «Հըզպալլա»ի զէնքը, որ անկախ ամէն տեսակի մեղադրանքներէ Լիբանանին տուաւ գերիշխանութեան եւ հպարտութեան իրաւունքը եւ անոնք, որոնք երկրի բոլոր խնդիրները կը բարդեն այդ զէնքին վրայ եւ կ՚ուզեն նոյնիսկ վրէժ լուծել այդ զէնքէն։

 

 Այս երկու գիծերը կան եւ անոնք յարաշարժ պայքարի մէջ են ու այդ պայքարին մէջ կը մխրճեն շրջանային այն ուժերը, որոնց համար շատ կարեւոր է, թէ ով պիտի բռնէ Պէյրութի «ազդեցութեան երակ»ը իր ձեռքերուն մէջ։

 

 Անշուշտ այս բոլորը վերջին քսան տարուան զարգացումներուն արդիւնքով ամրապնդուեցան, սակայն մտահոգիչն այն է, որ նոյն «Հըզպալլա»ի զէնքին խնդիրը, անոր օրինականութեան կամ ոչ օրինականութեան, ու հետեւաբար նաեւ «Լիբանանեան խնդիր»ը ամբողջ աշխարհի դատին ներկայացնելու միտումը դուրս կը սահի, այս անգամ երկրի քրիստոնեաներու թիւ մէկ պատասխանատուի բերնէն առիթ տալով մտածելու, որ Լիբանանին համար նախատեսուած է, բաւական «իւղոտ» եւ նոյնիսկ մեծ խլրտումներով «եփուած» ճաշ մը, որուն եփուիլը ու ապա ընդամէնը կարճ ժամանակի մը մէջ «թափուիլ»ը փորձանք պիտի դառնայ, ոչ միայն Լիբանանին, այլ ամբողջ շրջանին համար։

 

 Պատկերն ամփոփելու համար հարկ է անպայման շեշտադրել, որ մինչ Պատրիարք Ռահի կը փորձէ աշխարհը օգնութեան «կանչել», որպէսզի «լուծուի» Լիբանանի թնճուկը, իսկ անդին «Հըզպալլա»ի առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլան, շատ ինքնավստահ  կը յայտարարէ, որ լիբանանեան խնդրդի լուծման իրական բանալիները կը գտնուին միմիայն լիբանանցիներուն քով։

 Ու հոս է նաեւ, որ Լիբանանցիք պարտաւոր են ընտրել կայուն եւ տեղ հասցնող ճանապարհը, որպէսզի հեռու պահեն երկիրը ամեհի եւ նոյնիսկ կործանարար ցնցումներէ։

 

 «Արեւելք»