image

Լիբանանի հայկական աւանը ինչպէս պայքարեցաւ «Քովիտ»ին դէմ. Այնճարցի բժիշկ՝ Յակոբ Թովմասեան մանրամասնութիւններ կը պատմէ

Լիբանանի  հայկական աւանը  ինչպէս պայքարեցաւ  «Քովիտ»ին դէմ. Այնճարցի  բժիշկ՝ Յակոբ Թովմասեան մանրամասնութիւններ կը   պատմէ

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ բժիշկ՝  Յակոբ Թովմասեան , որ կ'անդրադառնայ «Քորոնա»  վարակով  պայմանաւորուած    Լիբանանի Այնճար   հայաւանին   մէջ  ստեղծուած  իրավիճակին, դժուարութիւններուն  ու պատուաստումի   անհրաժեշտութեան։

-Այնճար, շնորհիւ իր կազմակերպուածութեան, «Քովիտ»ի տարածման առաջին փուլին կարողացած էր պայքարիլ այս համավարակին դէմ, բայց աւելի ուշ «Քովիտ»ը կրցած էր թափանցել հայկական այս գիւղէն ներս: Այսօր ի՞նչ է ընդհանուր վիճակը, ի՞նչ թիւեր կան եւ բնակչութեան մօտ ի՞նչ են տրամադրութիւնները «Քովիտ»ի հետ կապուած:

Սկզբնական փուլին գիւղը յաջողեցաւ դիմագրաւել «Քովիտ»ի տարածումը, սակայն ինչպէս ամբողջ Լիբանանին մէջ, Այնճարի մէջ եւս տարածում ստացաւ, ունեցանք բաւական մեծ թիւով, մօտ՝ 200 հիւանդ, որոնցմէ մաս մը շատ թեթեւ անցուցին, որոշ մաս մըն ալ միջին ծանրութեամբ, եւ աւելի ծանր 2 պարագայ ունեցանք, որոնք հիւանդանոց տեղափոխուեցան եւ ապաքինուած դուրս ելան: Հիմա պարագաներ գրեթէ չունինք եւ ընդհանուր վիճակը կարելի է ըսել գոհացուցիչ է:


- Համայնքի պատասխանատու մարմինները ի՞նչ քայլերու կը ձեռնարկեն պահպանելու համար Այնճարի բնակիչները այս համավարակէն:

Այնճարի շտապ մարմինը, որ յառաջացած էր գիւղի պատասխանատուներուՆ կողմէ այս վարակը դիմագրաւելու համար, նախ անհրաժեշտ թելադրանքներ կատարեց ժողովուրդին՝ ձեռքերը անընդհատ հականեխելու, դիմակ գործածելու, հեռու մնալու խճողումներէ, հաւաքներէ եւայլն: Այս թելադրանքները տարածուեցան դիմատետրի միջոցով եւ շատ անգամ ալ թերթիկներով բաժնուեցան: Նաեւ պատրաստութիւն տեսնուեցաւ բժշկական գետնի վրայ,  գնուեցաՆ 4 շնչառական (Oxygen concentration) մեքենայ, ապահովուեցան թթուածինի շիշեր՝ իրենց սարքաւորումներով, Oxymeter (արեան մէջ թթուածինին քանակը չափելու. խմբ.) բերուեցաւ, պէտք եղած դեղորայքն ալ ապահովուեցաւ, նաեւ կատարեցինք PCR քննութիւններ։


- Լիբանանը երկար ժամանակով «լոքտաուն» ապրեցաւ այս վարակին դէմ պայքարելու համար: Անշուշտ Այնճարն ալ փակուած էր: Այդ օրերուն Այնճարի ժողովուրդը ի՞նչ կ'ընէր, եւ ինչով կը զբաղէր, դուք ի՞նչ կրնաք պատմել:

«Լաքտաուն»ի (երկրի ամբողջական փակում) ժամանակ,  գիւղացիք դհանրապէս տունը մնացին, հաւաքներ տեղի չունեցան: Իսկ օրուայ պաշարը ապահովելու համար, ժողովուրդը կարգով, մաս մաս կը յաճախէր խանութ եւ անշուշտ կանխարգիլման միջոցները պահպանելով խանութէն դուրսը կը սպասէր իր հերթին:


- Պատուաստներուն մասին ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք տալ,  դուք,  որպէս բժիշկ ի՞նչ կարծիք ունիք պատուաստին մասին:

Ինչպէս կը լսենք, երկու տեսակի պատուաստներ կան, մէկը՝ Messenger RNA եւ միւսը՝ մեր գիտցած սովորական ձեւով պատրաստուած պատուաստը: Այս պատուաստները, ինչպէս կ'ըսուի, կրնան պաշտպանել մօտաւորապէս  6 ամիս եւ կը տրուին երկու փուլով՝ երեք շաբաթ ընդմիջումով: Իմ կարծիքով, այս համաճարակը կանխելու միակ միջոցը ժողովուրդի պատուաստումն է: Ինչպէս գիտենք վարակը որոշ բուժում չունի եւ որպէս բժիշկ՝ իմ թելադրանքն է, որ ամէն մարդ պատուաստուի:

 

- Շատեր կ'ըսեն, որ «Քովիտ»ը նոր փուլ մը պիտի մտնէ եւ զարգացած ձեւով դարձեալ պիտի հարուածէ ամբողջ աշխարհը, պիտի շարունակէ մնալ աշխարհի տարբեր երկիրներու բնակիչներու թիւ մէկ խնդիրը: Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին:

«Քովիտ»ի համավարակը մտած  է նոր փուլ եւ արդէն կ'առաջանան նոր տեսակներ, որոնք շատ շատ տարածում կը ստանան, ինչպէս օրինակ՝ անգլիական, պրազիլական եւ հարաւ ափրիկեան  տարբերատեսակները, որոնք աւելի արագ տարածուելու յատկութիւն ունին: Ուստի միակ միջոցը ժողովուրդի պատուաստումն է: Ես կը կարծեմ, որ ինչպէս մեր գիտցած կրիփը, այս ալ նոյն ձեւով պիտի ընթանայ աշխարհի մէջ եւ մենք ամէն տարի երեւի պէտք պիտի ունենանք պատուաստուելու: