image

Գանատահայ Վազգէնի երազն է, որ Արցախը իր առաջուան պատկերին վերադառնայ

Գանատահայ  Վազգէնի   երազն է, որ Արցախը  իր առաջուան պատկերին վերադառնայ

Գանատահայ Վազգէն Գարագաշեան այս  օրերուն կը գտնուի Հայաստան, Արցախի քոյրերուն ու եղբայրներուն աջակցելու, անոնց սատարելու եւ կողքին կանգնելու։ Մինչեւ Հայաստան  ժամանելը 20-ամեայ Վազգէն 15 Յունուարին դրամահաւաք կազմակերպած է  առ ցանց՝  յատուկ  կայքէջի միջոցով։

Վազգէնի  կազմակերպած դրամահաւաքի  միջոցով արդէն իսկ 5500 գանատական տոլար հաւաքուած է․ ընդ որում, այդ գումարը   ժամ առ ժամ կ'աճի, քանի որ  կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք իրենց հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ, ֆինանսական ներդրում կ'ունենան մեր հայրենակիցներուն օգնելու  գործին մէջ։

 «Երբ Արցախի պատերազմը սկսաւ,  իմ մէջս կրակ արթնցաւ։ Այնուհետեւ ես կապուեցայ կնքահօրս, եւ ան ինծի ըսաւ, որ օգնութեան եւ ապրանքներու կարիք կայ, անկէ յետոյ ես ըսի ուրեմն կու գամ Հայաստան։ Կնքահայրս ըսաւ, որ դրամահաւաք կազմակերպէ: Գանատայէն  մարդիկ եղան, որոնք նեցուկ կանգնեցան մեզի։ Ես շատ շնորհակալ եմ անոնց, որոնք  միացան դրամահաւաքին։ Շատ շնորհակալ եմ նաեւ ընտանիքիս, որ  եւս աջակցութիւն ցուցաբերեց»,-ըսած է Վազգէն Գարագաշեան։

Ան  Երեւան հասնելէն յետոյ կամաւորական աշխատանքի սկսած է,  ուր ամէն օր բազմաթիւ արցախահայեր կու գան եւ կը ստանան օժանդակութիւն, առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ համարուող տարբեր կենցաղային ապրանքներ՝  ելեկտրական տաքացուցիչներ, թէյնիկներ, սրբիչներ․ եւն։

Վազգէն ընդգծած է, թէ արցախցիներու հետ հաղորդակցած ժամանակ  այնպիսի զգացողութիւններ ունեցած է, որոնք, կ'երեւի բառերով նկարագրել կարելի չէ։ Յատկապէս արցախցի փոքրիկներուն հետ շփումը ուժ կու տայ  հայուն։

«Կան փոքրիկներ, որոնք պատերազմ տեսած են, այնպիսի բաներ տեսած են, որոնք բառերով հնարաւոր չէ նկարագրել։  10-12 տարեկան արցախցի երեխաներ կան, որոնք պատերազմի ցաւը տեսած են, բայց այստեղ են, դեռ կը ժպտին, կը վազվզեն, նրանք դեռ տոկուն են․․․  Ես այդ ամէնը տեսնելով՝ յուզուած էի։ Ես այսչափ տոկուն երեխաներ չեմ տեսած։ Ես հպարտ եմ, որ իրենց կողքին եմ։  Պէտք է շեշտել, որ ոչ միայն մենք իրենց օգտակար կը դառնանք, այլ նաեւ իրենք՝ մեզի։  Անոնք մեզի կը սորվեցնեն ըլլալ ուժեղ », - կ'ըսէ Վազգէն։

Ան Արցախը  եղած է առաջին անգամ 16 տարեկանին։ Կ'երազէ, որ կրկին անգամ  տեսնէ Արցախը այնպէս, ինչպէս տեսած էր առաջին անգամ։

«Կ'երազեմ, որ օր մը կրկին կը տեսնեմ ազատ, անկախ ու անուշիկ Արցախս», - կը նշէ  Վազգէն, եւ որու ձայնին մէջ անմիջապէս կը վառուին հայ մարդու Արցախը ազատ տեսնելու՝ յոյսի  ու փափաքի լուսէ  ելեւէջները։

 

 Յասմիկ Բալէեան

 «Հորիզոն»

 (Նիւթը՝  յապաւուած)