image

ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութենէն կոչ՝ «Լիլիթ Մակունցը դեսպան չնշանակել»

ՌԱԿ Արեւելեան  Ամերիկայի  եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութենէն   կոչ՝ «Լիլիթ Մակունցը  դեսպան չնշանակել»

ՌԱԿ Արեւելեան  Ամերիկայի  եւ Գանատայի  Շրջանային Վարչութիւնը   «Արեւելք»ին յղած է   հաղորդագրութիւն մը,  որուն   միջոցաւ ՀՀ իշխանութիւններուն խորհուրդ  կու տայ  Ամերիկայի  համար այս վճռորոշ  ժամանակներու զերծ   մնալ  Ամերիկա  գործուղուած դիւանագիտական    կազմին  մէջ փոփոխութիւններ   կատարելու մօտեցումներէն։  Մարմինը մասնաւորապէս  ծանրացած է  Լիլիթ Մակունցը ԱՄՆ-ի մօտ  դեսպան   նշանակելու մասին շրջան  ընող լուրերուն,   նմնաօրինակ  որոշում մը  մանաւանդ այս օրերուն համարելով     ոչ  օգտակար։

 «Արեւելք»  լուրը կը հրապարակէ   յարգելով ազատ կարծիքի  մօտեցումը։

 

  ՌԱԿ Շրջանային Վարչութիւնը կ'ողջունէ նախագահ Ճոզէֆ Պայտընի արտաքին քաղաքականութիւնը որ հիմնուած է մարդկային իրաւանց վրայ եւ կը միտի Ամերիկայի աւանդական դերը վերահաստատել աշխարհի քաղաքական թատերաբեմին վրայ:

         Հայաստան եւ ամերիկահայեր մասնաւորաբար երախտապարտ են նոր իշխանութեան որ կը նպատակադրէ նոր քաղաքականութիւն մը որդեգրել Թուրքիոյ աւերիչ քաղաքականութեան նկատմամբ որ պատերազմներ կը հրահրէ Կովկասի մէջ՝  Ատրպէյճանի ոյժերուն եւ ահաբեկիչներու միջոցաւ:

         Մենք յոյսով ենք նաեւ որ նախագահ Պայտընի իշխանութիւնը գործադրութեան պիտի դնէ իր խոստումը՝ ճանչնալու հայկական ցեղասպանութիւնը ամբողջացնելով նախաձեռնութիւնները Ամերիկեան Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու Տան:

         Այս նոր կացութիւնը առիթ կ'ընծայէ Հայաստանին արժեւորելու համար իր հիմնական խնդիրները, յատկապէս ամրագրելով Արցախի օրինավիճակն ու երկիրը երաշխաւորելով պատերազմական սպառնալիքներու դիմաց:

         Արդ, այս պահու անհրաժեշտութիւնն է որ Հայաստանի կառավարութիւնը զօրաշարժի ենթարկէ իր ամբողջ դիւանագիտական ներոյժը բացայայտելու եւ գործարկելու իր ամէնէն կենսական հիմնախնդիրները, իր վերապրումին եւ ապագային ի խնդիր:

         Ոեւէ փոփոխութիւն, այս պահին, դիւանագիտական անձնակազմի մէջ, կրնայ վտանգել առիթները օգտագործելու պատեհութիւնը:

         Հայաստանի խորհրդարանին մէջ առաջադրուած նպատակներէն կը թուի ըլլալ  Լիլիթ Մակունցը Ուաշինկթընի դեսպանութեան պաշտօնին կոչելու: Ամէնէն սխալ նախաձեռնութիւնն է այդ, սխալ ժամանակին: Այս պահուն անհրաժեշտ են ամէնէն փորձառու դիւանագէտները:

         Կը յուսանք որ Հայաստանի կառավարութիւնը լիովին կ'ըմբռնէ կացութեան լրջութիւնը եւ համապատասխան կերպով կ'որդեգրէ ամէնէն ճիշդ ճանապարհը, գործի լծելով իր ամբողջ դիւանագիտական հնարաւորութիւնները:

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ

ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Պոստոն, Յունուար 26, 2021