image
Հրատապ լուրեր:

«Քորոնա»ի հետեւանքով կորուստ մը եւս Պէյրութի մէջ. Մահացած է Տրդատ Աւետիքեանը

«Քորոնա»ի  հետեւանքով կորուստ մը եւս Պէյրութի մէջ. Մահացած է Տրդատ Աւետիքեանը

Պէյրութի մէջ «Քորոնա» համավարակով պայմանաւորուած բաւական բարդ իրավիճակը կը շարունակուի։

 

Ժամեր առաջ «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ պէյրութահայ ազգային-հասարակական գործիչ՝ Տրդատ Աւետիքեան մահուան մասին։

 

Հանգուցեալը սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն էր Պէյրութի Թատերական շրջանակներուն համար եւ որպէս այդպիսին երկար տարիներէ ի վեր   (35 տարի) կը վարէր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերական միաւորի  ատենապետի  պաշտօնը։

Թատրոնը, ոչ միայն սիրելի արուեստ էր Տրդատ Աւետիքեանին համար, այլ կեանքի իմաստ, հանրութեան հետ խօսելու, հանրութեան հետ ըլլալու միջոց եւ շնորհիւ իր  բարձր արժանիքներուն Աւետիքեան կարողացած էր  դառնալ բոլորին համար սիրելի կազմակերպիչ, բոլորին հետ լեզու գտնող պատասխանատու։

Մասնաւորապէս վերջին տաս տարիներուն Աւետիքեան կարողացաւ նոր ոգի տալ «Վահրամ Փափազեան» թատերական միաւորին եւ իր շուրջ համախմբուած խումբ մը նուիրեալներու հետ նոր էջեր աւելցնել լիբանանահայ թատրոնի ոսկեայ էջերուն։

Թատերական կեանքին կողքին Աւետիքեան մեծ նուիրումով գործած է՝ դառնալով Ճիւնի շրջանի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամ։

Նշենք նաեւ, որ իր մահուան սուգը բաժնեկցած է Լիբանանի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի պատասխանատու մարմինը, որ այս առթիւ հրապարակած է  բօթաբեր հաղորդագրութիւն մը։

Տրդատ  Աւետիքեան  88 տարեկան էր։

Յարգանք իր վաստակին, խունկ ու մոմ իր յիշատակին։