image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան մտաւ ամբողջական «Լոք Տաուն»ի փուլ. Arevelk.am-ի տեսանիւթերը հայկական շրջաններէն

Լիբանան մտաւ ամբողջական «Լոք Տաուն»ի փուլ. Arevelk.am-ի տեսանիւթերը հայկական շրջաններէն

Պայմանաւորուած վերջին շաբաթներուն երկրին մէջ ստեղծուած ծանր համավարակային վիճակով, Լիբանանն այսօր մտաւ համընդհանուր փակման՝ «Լոք տաուն»ի փուլը, որ պիտի երկարի մինչեւ յառաջիկայ փետրուար ամսուան սկիզբ։

Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեցին՝ Պէյրութէն։

Մեր ունեցած տեղեկութիւններով Պէյրութի հայկական թաղամասերը նոյնպէս ամբողջապէս փակ են եւ ամայի։

Նշենք, որ առաւօտ կանուխ խցանում մը ստեղծուած էր Անթիլիասը Պէյրութին կապող մայրուղին վրայ՝ ապահովական ուժերու կողմէ տեղադրուած անցարգելին պատճառով, որուն շնորհիւ ալ անվտանգութեան մարմիններ կը հսկէին դէպի Պէյրութ մեկնող ինքնաշարժներու հոսքին ու նաեւ կը ստուգէին երթեւեկութեան իրաւունք ունենալու քաղաքացիներու ինքնութիւնը։

Վերջին օրերուն Լիբանանի մէջ վարակուածներու թիւը օրական կտրուածքով հասած էր մինչեւ 5000-ի ստեղծելով մտահոգիչ իրավիճակ։

Հիւանդանոցներ  դարձած են  անկարող ընդունելու՝ նոր հիւանդներ դրութիւնը դարձնելով աւելի քան տագնապալի։

Լիբանանի հայկական մարմիններ եւ մասնաւորապէս «Քորոնայի ճգնաժամային շտապ»ը կը շարունակէ իր աշխատանքները, հարկ եղած ցուցմունքներն ու կարեւոր օժանդակութիւնները տալով մեր հայրենակիցներուն։