image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ մահացած է ՀՄԸՄ-ի նուիրեալ պատասխանատուներէն՝ Յովսէփ (Զուզ) Մարգարեան

Պէյրութի մէջ մահացած է ՀՄԸՄ-ի նուիրեալ պատասխանատուներէն՝ Յովսէփ (Զուզ) Մարգարեան

Ծանր բօթեր կը հասնին Պէյրութէն պայմանաւորուած երկրով մէկ «Քորոնա»ի ահագնակերպ տարածմամբ։

Ստեղծուած իրավիճակէն զերծ չէ Լիբանանահայ համայնքը, որուն սիրելի անդամներէն մին ՝ Յովսէփ Մարգարեանը այսօր փակած է իր աչքերը (Ծնեալ  1941-ին Պէյրութ)։

«Արեւելք»ի  ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Յովսէփ Մարգարեանը, (ճանչցուած՝ «Զուզ» ծածկանունով) եղած է Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի նուիրեալ անդամներէն մին։

Արհեստով ոսկերիչ եղբայր Յովսէփը կը համարուի եօթանասունականներու սկիզբներուն մեծ զարթօնք ապրող Անթիլիասի շրջանի ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներէն։

Հանգուցեալը անդամ էր ՀՅԴաշնակցութեան եւ երկար տարիներ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է մասնաւորապէս ՀՅԴ «Աղբալեան» շրջանին մէջ։

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ծանր օրերուն ընկ. Զուզ իր սերնդակիցներուն հետ՝ որոնցմէ են` լուսահոգի Գէորգ Գանտահարեանը, Յովհաննէս Քէլէշեանը Անդրանիկ Քէօրքիւնեանը, եւ ներկայիս ԱՄՆ հաստատուած Մուրատ Գաբլանեանը ամբողջական նուիրումով մասնակցած են Անթիլիասի շրջանի ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու աշխատանքներուն։

Շրջապատին կողմէ սիրուած եւ յարգուած ընկ. Զուզ միշտ ալ ապրած է Հայաստանով եւ հայութեան տագնապներով եւ որպէս օրինակելի հայր այդ ոգիով ալ դաստիարակած է ՀՄԸՄ-ի սերունդները։

 

 Յիշատակը անթառամ։