image

«Մեր աղօթքները ձեզի՝ Սրբազան հայր...» Տ. Մեղրիկ եպս. կը պայքարի «Քորոնա»ի դէմ

«Մեր  աղօթքները ձեզի՝ Սրբազան հայր...» Տ. Մեղրիկ եպս. կը պայքարի  «Քորոնա»ի դէմ

Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի շնորհաշատ միաբաններէն  Տ.  Մեղրիկ եպս. Բարիքեան  վարակուած է  «Քորոնա»ով  եւ   կը գտնուի    բժիշկներու հոգածութեան ներքոյ։

Այս  մասին «Արեւելք»ին  յայտնեցին Պէյրութէն։

Նշենք  նաեւ, որ անցնող       ժամերուն ընթացքին մէկէ աւելի  դիմատետրի  օգտատէրներ  գրառումներ կատարած էին  եւ իրենց բարի մաղթանքները  յղած Տ. Մեղրիկ Սրբազանին։

Անոնք մասնաւորապէս գրած էին, որ      կ՚աղօթեն Սրբազան  հօր   առողջութեան համար եւ յոյս ունին, որ ան շուտով կը յաղթահարէ     «Քորոնա»  վարակը։

Մեր  ընթերցողներու յիշեցնենք, որ երաժշտական կրթութիւն ստացած եւ  մեր   շարականներու   մեծ  աշխարհին    մօտէն  գիտակ  Տ. Մեղրիկ Սրբազանը նախքան Լիբանան  վերադառնալը, որոշ  ժամանակ մը  եղած է Գանատայի  Թեմի  առաջնորդ։

Մենք մեր կարգին  առողջութիւն կը մաղթենք  Տ. Մեղրիկ  Սրբազանին։