image
Հրատապ լուրեր:

Հրատապ. «Քորոնա»ի հետեւանքով Պէյրութի օդակայանը մէկ շաբաթով պիտի փակուի

Հրատապ. «Քորոնա»ի  հետեւանքով Պէյրութի օդակայանը մէկ  շաբաթով  պիտի փակուի

 Պէյրութի միջազգային օդակայանը   մէկ շաբաթով   պիտի փակէ իր դռները։

 

 Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան    լրասփիւռներէ։

 

 Մեր ունեցած տեղեկութիւններով «Քորոնա»ի  դէմ  համընդհանուր պայքարի  կառավարական  մարմինը    այս որոշման  յանգած է  հաշուի  առնելով     վարակի  արագ տարածումը ու նաեւ  հիւանդանոցներու  անմխիթար  իրավիճակը։

 

  Համընդհանուր «լոք տաուն»ը   ընթացք պիտի առնէ  յառաջիկայ չորեքշաբթի  օր եւ   ըստ    կառավարութեան  որոշման  պիտի  փակուի նաեւ    Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան օդակայանը։

 

 

 Յիշեցնենք, որ  վերջին օրուան  տուեալներով     ամէնօրեայ  վարակակիրներու թիւը  անցած էր  5- հազարը։