image

Թորոնթոհայ մեր հայրենակից Սերժ Խաչատուրեանը թեկնածու՝ քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւններուն

Թորոնթոհայ մեր հայրենակից Սերժ Խաչատուրեանը թեկնածու՝ քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւններուն

Գանատայի Թորոնթո նահանգի՝ վաղը ընթացք առնելիք ընտրութիւններուն իր թեկնածուութիւնը դրած է գանատահայ մեր հայրենակից՝ Սերժ Խաչատուրեանը։

 «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Թորոնթոյի իր աղբիւրէն։

Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ, վաղը ընթացք առնելիք քաղաքային խորհուրդի ընտրութիւնները (City Council) պիտի տեւեն մինչեւ 15 յունուարը։

Նշենք, որ Սերժ Խաչատուրեան թեկնածու է հայաբնակ շրջան համարուող Սքարպորոյի քաղաքային խորհուրդի անդամութեան։

Ընտրութիւններուն իրենց թեկնածուութիւնը դրած են 27 թեկնածուներ եւ Խաչատուրեան միակ հայորդին է, որ դրած է իր թեկնածուութիւնը։

Հայկական շրջանակներուն մէջ ծանօթ անուն հանդիսացող մեր հայրենակիցը յարգուած անձնաւորութիւն է համայնքէն ներս եւ յաճախակի ներկայութիւն հայկական միջավայրին մէջ։

 

Յիշեցնենք, որ Թորոնթո նահանգի քաղաքային խորհուրդը կը բաղկանայ 22 աթոռներէ, որոնցմէ մին, անշուշտ, Սքարպորոյի աթոռն է։

Յաջողութիւն մեր հայրենակիցին։