image

«Մենք ուրիշ ելք չունինք, թափուած արիւնն ու քրտինքը պիտի վերածենք զրահի...» Յակոբ Բագրատունի

«Մենք ուրիշ  ելք չունինք,  թափուած  արիւնն ու քրտինքը պիտի  վերածենք զրահի...» Յակոբ  Բագրատունի

 Ստորեւ  Լիբանանահայ քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ  Լիբանանի մարմնի ներկայացուցիչ, պետական  երեսփոխան  Յակոբ Բագրատունիի  խօսքը, ուղղուած՝ «Արեւելք»ին։

 

 Այս օրերուն ցաւը մեր սրտին կը դիմաւորենք Նոր Տարին, եւ առանց զղջալու չենք ուզեր ապրիլ 2020-ի աղէտալի օրերը, վերյիշել՝ այդ օրերը:

Դժբախտաբար, համայն հայութեան համար անցնող տարին աղէտ էր,   բոլոր  մակարդակներու վրայ, սակայն հիմնական աղէտը այն անձնատուութիւնն էր, որ կատարուեցաւ 5000-է աւելի նահատակներու արեամբ, տեղի տալով մեր թշնամիին՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ցեղասպանական ծրագիրներուն:

Նոր տարուայ սեմին, մենք յարգանքով խունկ եւ մոմ կը վարենք մեր բոլոր նահատակներուն համար եւ կ'ըսենք՝ վարձքը կատար բոլոր անոնց, որոնք խճաքար մը աւելցուցին մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքի ամրացման գործընթացին:

Յուսալքումի, յիասթափութեան ժամանակը չէ: Անհատները կրնան պարտութիւն կրել, անհատները կրնան պարտութեան առաջնորդել, բայց հիմնական պարտութիւնը կ'ըլլայ, երբ հոգիները կը պարտուին: Մենք այսօր, 2021-ի սեմին, կրնանք ըսել միայն, որ ցաւը մեր սրտին, հայու նոր տարին է, որ պիտի տօնենք, եւ ուրիշ ելք չունինք, բացի այդ թափած արիւնն ու քրտինքը վերածելու զրահի, բռունցքի, մեր բազուկները բարձրացնելու եւ ըսելու, որ դարերու խորքէն եկող հայու աննկուն կամքը, հայու վճռականութիւնը, հայու հաւատքը, հայրենիքին եւ հողին փարելու աներկբայ որոշումը 2021-ին պարտաւոր ենք, եւ այլ ելք չունինք, պարտաւոր ենք վերակենդանացնելու:

Այս առիթով կը վշտակցիմ մեր բոլոր նահատակ ազատամարտիկներուն, ըլլան անոնք բանակային զինուորներ կամ ազատամարտիկներ, կը վշտակցիմ անոնց ընտանիքներուն:

Վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդը ունի այդ ներուժը, որ դարձեալ մշակէ մեզմէ բռնագրաւուած դաշտերը, դարձեալ վերակենդանացնէ գիւղերը, եւ ետ հայրենիքին իր վերադարձնէ իրմէ պոկուած, այլոց կողմէ յանձնուած հողամասերը: Մենք ուրիշ ելք չունինք այս նոր տարուայ օրը, բացի հաւատքի եւ վճռակամութեան վերանորոգումէն:

Պարտաւոր ենք:

Պարտաւոր ենք մեր բազմահազար նահատակներու արեան դիմաց:

Պարտաւոր ենք, որտեւ պիտի ապրինք:

Եւ հայը կ'ապրի միայն իր ճակատը բարձր:

Հայը կ'ապրի միայն կաղնիի նման: Քծնող, գետնաքարշ ազգերն են, որ չեն ապրիր:

Այսպէս սորված ենք եւ այսպէս միայն կը հաւատանք, որ յառաջիկայ տարին մենք պարտինք յաղթանակի նոր հորիզոններով, նոր հանգրուաններ կերտել եւ համբերութեամբ այս դառն բաժակը խմելէ ետք, չմարսել այդ բաժակը, բայց անպայման նայիլ յաղթանակին, Արարատի գագաթը մեր աչքերուն առջեւ:

Ցաւով, ցաւը մեր սրտին կը բաժնուինք 2020-էն, բայց հաւատքն ու յաղթանակին հասնելու կամքը մեր աչքերուն եւ մեր հոգիներուն մէջ՝ կը դիմաւորենք Նոր Տարին:

Յակոբ Բագրատունի