image

Մաքս Փերիի յօդուածը Ղարաբաղի մասին «Մեղաւորը Թաւշեան էր եւ սորոսականութիւնը»

Մաքս Փերիի յօդուածը Ղարաբաղի մասին «Մեղաւորը Թաւշեան էր եւ սորոսականութիւնը»

Մաքս Փերիի յօդուածը Ղարաբաղի մասին «Մեղաւորը  Թաւշեան  էր եւ սորոսականութիւնը» 

Global Research հետազօտական կեդրոնի թղթակից, անկախ լրագրող եւ աշխարհաքաղաքական վերլուծաբան՝ Մաքս Փերին յօդուած մը հրապարակած է ՝ անդրադառնալով Արցախեան վերջին պատերազմին եւ անոր հետ Խորհրդային Միութեան կապին:

Ստորեւ մասնակի կրճատումներով կը ներկայացնենք վերլուծաբանի յօրուածը:

«Ռուսաստանի յեղափոխութենէն յետոյ Անդրկովկասը ի սկզբանէ միաւորուած խորհրդային հանրապետութիւն էր, որ կ'ընդգրկէր Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Վրաստանը: Բայց շուտով հանրապետութիւնը բաժնուեցաւ երեք առանձին պետութիւններու: Չնայած այն փաստին, որ Արցախը խոստացած էին Հայաստանին եւ անտեսելով անոր բնակչութեան կամքը՝  Սթալին, այն ժամանակ ազգութիւններու խորհրդային յանձնակատարը, Լեռնային Ղարաբաղը փոխանցեց Ատրպէյճանին՝ ինքնավարութեան կարգավիճակով:

Այնուամենայնիւ, կարեւոր է ընդունիլ, որ չնայած այս ճակատագրական որոշման՝ ԽՍՀՄ-ի օրօք, եօթ տասնամեակ շարունակ, երկու կողմերն ալ խաղաղ կը գոյակցէին, մինչդեռ ԼՂ-ի հայերը կը շարունակէին պաշտպանել հայրենիքի հետ վերամիաւորման գաղափարները՝ առանց որեւէ արիւնահեղութեան: Այդ չի նշանակեր, որ խորհրդային առաջնորդները, որոնք յաճախ տարաձայնութիւններ ունէին ազգային հարցով, չէին սխալած, բայց ընկերվարութեան բնութագրական ձեռքբերումներէն մէկը, ճնշուած խումբերու միջեւ յաճախ տարածուած արիւնալի հակամարտութիւններու զգալի կրճատումն էր, որոնք կը բաժնէին ազգային տարածքները: Միայն «բացախօսութեան եւ վերակառուցման» (Միխայիլ Կորպաչովի հռչակած բացախօսութեան («կլասնըստ») եւ վերակառուցման («փերեսթրոյքա») քաղաքական կարգավիճակը, որ ազատութիւն պիտի տար Խորհրդային Միութեան քաղաքական եւ տնտեսական դաշտին- ) պայմաններով էր, որ Հարաւային Կովկասին մէջ ընկերային դժգոհութիւնը ստացաւ յետադարձական արտայայտութիւն, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերաճիլ տուաւ բռնութեան, ինչպէս Վրաստանի մէջ այդ տեղի ունեցաւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ, եւ Հիւսիսային Կովկասը գտնուող Չեչենիոյ մէջ:

Արեւելեան Եւրոպայի վերգաղութացումը օտար երկրներու կողմէ կը ներառէր անջատողական եւ ազգայնական շարժումներու խրախուսումը անկախութեան համար յետխորհրդային տարածքէն ներս: Եւ Հարաւային Կովկասը նոյնպէս բացառութիւն չէր: Արեւմտեան գերիշխանութեան ձեւանմուշը, որ հիմնուած է ժամանակակից աշխարհաքաղաքականութեան բրիտանացի հիմնադիր՝ Սըր Հալֆորտ Մաքինտըրի «Հարթլանտի (տարածքային միջուկ)» տեսութեան վրայ, որու «Պատմութեան աշխարհարհագրական առանցքը» կ'ընդգծէր Արեւելեան Եւրոպայի ռազմավարական կարեւորութիւնը, գործի դրուեցաւ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ՝ Ճիմի Քարթըրի վարչակազմի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական՝  Բժեզինսքիի կողմէ: Չնայած, որ լեհաստան ծնած  Զպիկնեւ   Բժեզինսքի  կը «քարոզէր» Վիեթնամի պատերազմի եւ ԱՄՆ կայսրութեան սեփական «Մեծ խաղի» սովետական համարժէքը աֆղան զինեալներուն մահացու զէնք մատակարարելով, ան նաեւ ստեղծեց «Ազգութիւններու աշխատանքային խումբ» (NWG), որու խնդիրն էր խթանել ցեղային լարուածութիւնը ոչ ռուս խումբերու եւ «խորհրդային ուղեծիրի» միջեւ: Նոյնիսկ ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն յետոյ, Պրզեզինսքին եւ Ատլանտիսիստական կուսակցութիւնը կը շարունակէին կազմակերպել Եւրասիոյ ամբողջական չափափոխման եւ պալկանացման գործընթացքը՝ հրահրելով ցեղա-ազգայնական բաժանումներ «երկաթէ վարագոյրի» (քաղաքական դարձուածք, զոր գործածած է Ուինսթըն Չըրչիլ 1946-ի 5 մարտին ֆուլթընի մէջ իր ելոյթին, որ կը խորհրդանշէ Սառ պատերազմի սկիզբը: Երկաթէ վարագոյր ըսելով՝ նկատի առնուած է տեղեկատուական, քաղաքական եւ սահմանային այն արգելքը, որ ԽՍՀՄ-ն եւ այլ ընկերվարական պետութիւնները մեկուսացուցած է դրամատիրական պետութիւններէն)  ետեւը գտնուող «գերեվարուած պետութիւններուն մէջ»՝ նոյնիսկ ազատ շուկայի վերահաստատումէն յետոյ:

Պրզեզինսքիի «Մաքիավելլիի ռազմավարութիւնը» կեանքի կոչուեցաւ իր «Մեծ ճատրակի տախտակ. ամերիկեան առաջնութիւն եւ անոր աշխարհառազմավարական հրամայականները» գրքով: Այն կը «կանխատես»էր ոչ միայն ՆԱԹՕ-ի ընդլայնումը արեւելք դէպի Ռուսաստանի սահմանները, այլեւ իսլամիզմի եւ փանթուրքիզմի վերածնունդը Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ յետխորհրդային տարածքէն ներս: Ըլլալով Մաքինդըրի ընդունակ ուսանողը՝ Պրզեզինսքին ոգեշնչուած էր անոր գաղափարներով՝ եւ կառուցած իր տեսութիւնը նաւթով հարուստ Հարաւային Կովկասը Մոսկուայի ազդեցութեան գօտիէն հեռացնելու կարեւորութեան վրայ: Ատրպէյճանը նախկին Խորհրդային Միութեան առաջին երկիրներէն մէկն էր, որ 1993-ին Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան աջակցութեամբ իրականացուած պետական յեղաշրջումէն յետոյ դարձաւ արեւմտեան ուժի յենասիւնը, Ապուլֆազ Էլչիպէի ժողովրդավարական ընտրուած կառավարութեան տապալման հետեւանքով իշխանութեան եկաւ Հեյտար Ալիեւը՝ Ատրպէյճանի ներկայ նախագահի հայրը, որ երկիրը շեղեց Մոսկուայէն եւ սկսաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ատրպէյճանացումը: Երկու տարի անց Պրզեզինսքի այցելեց Ատրպէյճան եւ օգնեց բանակցութիւններ վարելու «Պաքու-Թիֆլիս-ճէյհան» նաւթամուղի հարցով, որ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուն Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի միջոցով կը միացնէ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան նաւահանգիստ Ճէյհանին:

Նիւթը՝  «Թերթ.ամ»էն