image

Հայաստանի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու ասորիները հայ ժողովուրդի կողքին են

Հայաստանի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու ասորիները հայ ժողովուրդի կողքին են

Արցախի դէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած յարձակման առաջին օրէն իսկ թէ Հայաստանի եւ թէ աշխարհի տարբեր երկիրներու ասորիները իրենց աջակցութիւնը կը յայտնեն հայ ժողովուրդին: Ոչ միայն տարբեր նախաձեռնութիւններով օգնութեան ձեռք կը մեկնեն, այլ Հայաստան բնակող շատ ասորիներ կը զինուորագրուին եւ կը մեկնին Արցախ: Այս  մասին յայտնած  է Հայաստանի ասորական համայնքի ներկայացուցիչ, ցեղասպանագէտ՝ Անահիտ Խոսրոեւան, նշելով, որ արդէն մօտ 150 զինուորական Արցախ է եւ անոնց կարգին են, թէ ժամկէտային զինծառայողներ, թէ պայմանագրային զինուորականներ եւ թէ կամաւորներ:

«Ցաւօք, հինգ զոհ ունինք: Կան նաեւ վիրաւորներ եւ անհետ կորածներ: Ամէն պարագային այսօր ալ բաւական մեծ թիւով ասորիներ զինուորագրուած են երթալու համար»,-ըսաւ Անահիտ Խոսրոեւան:

Ոչ միայն Հայաստանի, այլ աշխարհի տարբեր երկիրներու ասորիները միացած են այս պայքարին: Անահիտ Խոսրոեւան նկատել տուաւ, որ տարբեր երկիրներու մէջ հայ համայնքի բողոքի ցոյցերուն նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերած են տեղւոյն ասորիները: Ամբողջ աշխարհէն մօտ 100 հազար տոլար գումար փոխանցուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին:

Իրենց  նիւթական աջակցութիւնը յայտնած են ոչ միայն անհատ քաղաքացիներ, այլ նաեւ կազմակերպութիւններ, ինչպես նաեւ ասորական եկեղեցին:

«Բաւական աշխոյժ են Հայաստան ապրող ասորիները՝ մեծէն փոքր: Վերին Դուինի մէջ երեխաները կազմակերպած էին միրգերու վաճառք եւ հաւաքուած գումարը՝ մօտ 1 միլիոն դրամ փոխանցուած էր հիմնադրամին: Ըսեմ, որ մարդասիրական օգնութեան 10-րդ բեռնատար ինքնաշարժը գացած է Արցախ: Անկէ բացի, ասորիները օգնութեան ձեռք կը մեկնեն Հայաստանի մէջ ապաստանած արցախցիներուն: Այդ գործին մէջ իրենց ներդրումը կ'ունենան թէ Հայաաստանի եւ թէ այլ երկիրներու ասորիները: Վերջին օրինակներէն նշեմ՝ Շուէտի ասորական համայնքը, որ գումար հաւաքած է եւ Հայաստանի մէջ 1500 արցախցի ընտանիքի տրամադրած է առաջին անհրաժեշտութեան սննդամթերք: Այս հարցով կ'աշխատինք համայնքային կառոյցներու հետ»,- ըսաւ Անահիտ Խոսրոեւան:

Արցախի դէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած յարձակման մասին, ըստ ցեղասպանագէտին, պէտք է շարունակ խօսիլ, պէտք է բարձրաձայնել եւ ցոյց տալ, որ այնտեղ առկայ է ցեղասպանութեան ձեռագիրը:

«Ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի թիկունքը կանգնած է Թուրքիան, որ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդն է: Այն, ինչ այսօր տեղի կ'ունենայ Արցախի մէջ, 100 տարի առաջուայ ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է: Անոր գումարած Ատրպէյճանի կողմէն Թուրքիոյ օգնութեամբ հայ ժողովուրդին դէմ կը կռուին իսլամական ծայրայեղականները: Տարիներ առաջ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ահաբեկիչներու դէմ պայքարին զոհ դարձան նաեւ ասորիները»,-ըսաւ ան, ընդգծելով, որ այսօր ահաբեկիչներու Կովկաս յայտնուիլը կը խօսի այն մասին, որ այս պարզապէս հայերու ու ատրպէյճանցիներու հակամարտութիւն չէ եւ կը սպառնայ տարածաշրջանի անվտանգութեան:

 

 

 «Արեւելք»ի համար  արեւմտահայերէնի վերածեց՝  Թ.Գ.

Նիւթի աղբիւրը՝  «Արմէնբրէս»