image
Հրատապ լուրեր:

Արցախ. 17 օրէ ի վեր լիբանանահայ ՎիգէնԻ Իւլճեքեան եւ Մարալ Նաճարեան կը համարուին անյայտ կորսուած

Արցախ. 17 օրէ ի վեր լիբանանահայ ՎիգէնԻ Իւլճեքեան եւ Մարալ Նաճարեան    կը համարուին անյայտ  կորսուած

Այս օրերուն Հայաստանի մէջ դառն օրակարգ հանդիսացող անյայտ կորսուածներու  խնդրին միացած  են  երկու լիբանանահայեր։

Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեցին անյետացած Վիգէն Իւլճեքեանի եւ Մարալ Նաճարեանի բարեկամները։

 

Մեր ունեցած տուեալներով նախքան պատերազմի սկսիլը Շուշի բնակելու նպատակով Երեւան եկած մեր հայրենակիցները վերջին անգամ նկատուած են Բերձորի մէջ եւ հրադադարէն (10 նոյեմբերէն ետք) ետք մեկնած են Շուշի մեզի անյայտ պատճառներով։