Skynewsarabia.com-ը կը գրէ.
Մարդու Իրաւունքներու սուրիական դիտարանը յայտնած է, թէ խումբ մը վարձկաններ ամէն ինչէ հրաժարած են՝ նիւթական եւ այլ տեսակի վճարներէ, ու նախընտրած են Ատրպէյճանէն Սուրիա վերադառնալ, այնտեղ ընթացող կատաղի մարտերուն պատճառով:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ մարտերը ահաւոր լարուած վիճակով կը շարունակուին. սուրիացի վարձկանները պատերազմի առաջին ճակատներուն վրայ են, իրողութիւն, որ մեծ ճնշումներ կը ստեղծէ Թուրքիոյ վրայ։
Աղբիւրրը յայնտած է նաեւ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը «Սուլթան Մուրատ» եւ «Համզաթ» խմբակցութիւններէն եւ այլ խմբակցութիւններէ վարձկաններու նոր խումբ մը՝ բաղկացած շուրջ 400 վարձկաններէ տեղափոխած է Ատրպէյճան: Վերջիններս օրեր առաջ կը պատրաստուէին մեկնիլ Ատրպէյճան, սակայն զինադադարի յայտարարութիւնը խանգարած էր տեղափոխութիւնը այն ատեն: Այսպիսով, մինչեւ այս պահը Ատրպէյճան տեղափոխուած վարձկաններուն թիւը հասած է 2050-ի:
Աղբիւրը հաստատած է նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւններուն մասնակցող վարձկաններու մարդկային կորուստները աւելցած են, որով Թուրքիոյ Կառավարութեան կողմէ անոնց ճակատամարտի առաջին շարքերը նետուելէ ետք, վարձկաններու զոհերուն թիւը աճած է հասնելով 134-ի, որոնցմէ 92-ի դիակները տեղափոխուած են Սուրիա, իսկ մնացածներուն դիակները տակաւին Ատրպէյճանի մէջ են:
Դիտարանը յայտնած է նաեւ, որ թրքական կառավարութիւնն ու գաղտնի սպասարկութիւնները կը շարունակեն Սուրիայէն վարձկաններ հաւաքագրել, զանոնք ուղարկելու ատրպէյճանական ուժերու կողքին մասնակցելու ռազմական գործողութիւններուն հայկակն ոյժերուն դէմ պատերազմին մէջ: Սակայն այս գործողութիւնը չափազանց գաղտնիութեան պայմաններով կը կատարուի, մտավախութիւն ունենալով Միջազգային հանրութեան կողմէ Թուրքիոյ դէմ հնչելիք «վարձկաններ զինելու» մասին ծանր մեղադրանքէն։