image

«Ույ աման, աման...» Մերօրեայ ջան ֆիտաները երգի պահուն

«Ույ աման, աման...» Մերօրեայ ջան ֆիտաները երգի պահուն

Արցախեան գոյամարտի այս փուլը, ինչպէս մօտիկ անցեալին, այսօր ալ կը նշանաւորուի սփիւռքահայ   կամաւոր-ազատամարտիկներու մասնակցութեամբ:

 

Ռազմական գործողութիւններուն մասնակցող այս տղաքը նաեւ  բաւարար առիթներ կ՚ունենան երգով ու յաճախ ալ ֆետայական  պարերով իրենց ոգիի ամրութիւնը արտայայտելու:

Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք  կարճ տեսանիւթ մը, որ տարածուած է համացանցին մէջ, եւ որուն ընդմէջէն  հայ կամաւորականները  քաջարի ոգիով  եւ խինդով կը պատրաստուին  մարտական  յառաջիկայ յանձնարարութիւնները  իրականացնելու:

Նշենք նաեւ, որ տեսանիւթին մէջ կերեւի սաղիմահայ  երգիչ Աբոն, որ  Արցախ մեկնելու նպատակով օրերս   ժամանած էր մայր Հայաստան:

Քաջութիւն եւ վեհութիւն մեր զինուորներուն ու կամաւորներուն:

Անվտանգութիւն եւ ապահովութիւն Արցախի ու Հայաստանի անառիկ սահմաններուն: