image

«Պաքու ձախողած է...» Stratfor-ի ուշագրաւ կարծիքը.

«Պաքու ձախողած է...» Stratfor-ի ուշագրաւ կարծիքը.

Ամերիկեան հեղինակաւոր Stratfor կեդրոնը իր վերջին հաղորդումներէն մէկը նուիրած է Արցախի մէջ սեպտեմբերէն ի վեր շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն, «Ով կը յաղթէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» վերնագրի տակ։ Ռազմական փորձագէտ՝ Սիմ Թեք, որ կը զբաղի աշխարհաքաղաքական զարգացումներու եւ հակամարտութիւններու մասին տեղեկութիւններու հաւաքագրմամբ ու վերլուծութեամբ, մասնաւորապէս կը գրէ.-

«Ատրպէյճանական բանակը վաղուց նախապատրաստուած էր այս յարձակման, սակայն ակնյայտ է, որ Պաքուն չէ յաջողած հասնելու իր առջեւ դրուած ռազմական նպատակներուն, նոյնիսկ Թուրքիոյ աջակցութեամբ»

Ատրպէյճանը կը պատրաստուէր այս յարձակման։ Արբանեակային լուսանկարներէն եւ այլ աղբիւրներէն ստացուած տեղեկատուութիւնը ցոյց կու տար, որ Ատրպէյճանը սեպտեմբերին եւ նոյնիսկ անկէ առաջ՝ օգոստոսին, կը նախապատրաստէր իր առաջնագիծը, նոր խրամատներ կը փորէր կամ կը թարմացնէր հիները, ծանր զրահամեքենայ կը տեղափոխէր ռազմաճակատ։Հրադադարի խախտումներն ու կարճատեւ բախումները պարբերական բնոյթ կրած են այս հակամարտութեան գօտիին վրայ, սակայն զօրքերու ու զրահամեքենաներու ներկայ տեղաշարժը աննախադէպ է․ նման ուժգնութիւն չէ եղած նոյնիսկ 2016-ի սրացման ժամանակ: 1994-էն ի վեր, ամենալայնատարած ու արիւնալի այս պատերազմի մեկնարկին նպաստած է նախ եւ առաջ Անգարայի անվերապահ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին։

Թուրքիան յստակ նկրտումներ ունի այս տարածաշրջանին մէջ, ուր կը մրցակցի Ռուսաստանի հետ՝ ազդեցութեան ոլորտները կիսելու համար։ Եւ Թուրքիան իր այդ քաղաքականութեան մէջ առաջին հերթին դաշնակիցը՝ Ատրպէյճանը կ'օգտագործէ։ Տպաւորութիւն կայ, որ այս քայլերով Անգարա կը փորձէ մարտահրաւէր նետել եւ խախտել Ռուսաստանի կողմէ հաստատուած սթաթուս-քուոն Հարաւային Կովկասի մէջ։ Մեծ հաշուով, կողմերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ էական փոփոխութիւն չենք տեսներ։ Երբ կը նայինք, թէ ուր էր շփման գիծը այս պատերազմէն առաջ՝ տասնամեակներ շարունակ, կը տեսնենք, որ Ատրպէյճանը միայն յաջողած է իր վերահսկողութեան տակ առնել զուտ գիւղերէն քանի մը հատը առաւել ցածրադիր տեղանքներէն։ Իրողութիւնը այն է, որ այս տարածքը շատ լեռնային է, եւ ռազմական գործողութիւններու հնարաւորութիւնները սահմանափակ են։ Երբ կը փորձես առաջխաղացում արձանագրել դէպի այդ լեռները, շատ արագ բախում կ'ունենաս խնդիրներու հետ, հետեւակդ չի կրնար ազատօրէն շարժիլ այդ տարածքին մէջ, մինչդեռ հակառակորդը կրնայ շատ աւելի ամուր դիրքեր ունենալ։ Այնպէս որ, կարող ենք փաստել, որ Ատրպէյճանը յաջողած է ինչ որ առաւելութեան հասնիլ, բայց շատ սահմանափակ։ Աշխարհագրական անբարենպաստ պայմաններէն բացի, ատրպէյճանական բանակին առաջիկային եւս մէկ մարտահրաւէր կը սպասէ՝ եղանակը։ Մօտալուտ ձմեռը ա՛լ աւելի կը սահմանափակէ ռազմական գործողութիւններ կատարելու հնարաւորութիւնը, մանաւանդ որ դեռ հարց է՝ արդեօք պատերազմը կը շարունակուի այդքան ժամանակ։Որքան Ատրպէյճանը կը մօտենայ լեռնային շրջաններուն, այնքան աւելի ու աւելի կը դժուարանայ առաջխաղացումը։ Չյաջողելով նոր տարածքներ գրաւել, Պաքուն պիտի փորձէ իր ներկայի յաջողութիւնները վերածել իրական զիջումներու բանակցային գործընթացին: Բանակցութիւնները արդէն իսկ սկսած են՝ նկատի առնելով Մոսկուայի մէջ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը։ Յստակ է, որ հակամարտութիւնը հասած է կէտի մը, երբ անհրաժեշտ են կարգաւորման նոր մօտեցումներ, նոր համաձայնութիւններ՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար: