image

Հրադադարը չի նշանակէր որ թշնամիի կողմէ սանձազերծուած պատերազմը աւարտած է. ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութիւնը

Հրադադարը չի   նշանակէր որ թշնամիի կողմէ սանձազերծուած պատերազմը աւարտած է. ՀՅԴ Բիւրոյի յայտարարութիւնը

Այսօր, ժամը 12։00-էն սկսեալ, ուժի մէջ մտած է մարդասիրական նպատակներով հրադադարը, Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծի երկայնքին։ Հրադադարի վարչակարգի  յարաչափերը (parameters) դեռ պիտի ճշտուին։

Ռազմաճակատի երկայնքով այս արդէն խախտուող հրադադարը չի վերաբերիր, չի կրնար վերաբերիլ արտաքին ճակատի վրայ, միջազգային հանրութեան մօտ մեր աշխատանքներուն, որովհետեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց ռազմական գործողութիւններն ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը, Թուրքիան կը շարունակէ անվերապահ աջակցութիւն յայտնել Ազրպէյճանին՝ նաեւ ռազմաճակատին վրայ։

Աշխարհով մէկ պէտք է շարունակենք մեր բողոքի գործողութիւններն ու քաղաքական-յարաբերական աշխատանքները, շեշտելով՝

  • Արցախի հարցի կարգաւորման ամենաճիշտ, ամենաարդար եւ ամենաազդու միջոցը՝ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է.
  • Ազրպէյճան պէտք է իր կողմէ վերահկսուող տարածքներէն հեռացնէ միջազգային ահաբեկչութեան վարձկաններուն, որոնք այնտեղ հասած են Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ ու կարգադրութեամբ.
  • Թուրքիան որպէս հակամարտութեան կողմ հանդէս գալու իր բոլոր ջանքերուն պատճառով պէտք է հեռացուի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբէն. Թուրքիոյ նկատմամբ պէտք է պատժամիջոցներ սահմանուին՝ ամբողջ տարածաշրջանի կայունութեան հարուածող իր ոտնձգութիւններուն պատճառով.

Այս հրադադարը դեռ չի նշանակեր որ Ազրպէյճան-Թուրքիա դաշինքին կողմէ սանձազերծուած պատերազմը աւարտած է. պատերազմը կը շարունակուի, եթէ նոյնիսկ համեմատաբար մեղմացած են կրակոցները, ռմբակոծումներն ու հրետանակոծումները։

Քաղաքական-քարոզչական աշխատանքներուն զուգահեռ, ամբողջ հայութիւնը պէտք է շարունակէ նոյն թափով մասնակցիլ պատերազմի հետեւանքները դիմակայելու համար՝ համահայկական եւ Հայաստան-Արցախի համար անհրաժեշտ մարդասիրական օժանդակութեան առաքումներուն, որոնք կը համադրուին պետական համապատասխան կառոյցներուն հետ։

Այս պայքարը իր յաղթական աւարտին հասցնելու եւ յաղթանակը ամրագրելու պահը հիմա է։ Բոլորս՝ ի զէն, իւրաքանչիւրս՝ իր հնարաւորութիւններուն առաւելագոյնը տալով։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ

10 Հոկտեմբեր 2020