image

«Տաւուշի մեր եղբայրներուն համար ըրինք, ինչպէս որ տեսած եւ դաստիարկուած ենք».Լիբանանահայ երգիչ՝ Նժդեհ Շահինեան

«Տաւուշի մեր  եղբայրներուն  համար ըրինք, ինչպէս որ տեսած  եւ դաստիարկուած ենք».Լիբանանահայ  երգիչ՝ Նժդեհ  Շահինեան

«Արեւելք» վերջերս նիւթ մը ներկայացուցած էր խումբ մը լիբանանահայ երիտասարդներու նախաձեռնութեան մասին, որոնք օժանդակութիւններ հասցուցած էին Տաւուշի Բերդ համայնքի բնակիչներուն։

 Ստորեւ կը ներկայացնենք «Արեւելք»ի հարցազրոյցը նախաձեռնութեան համակարգող եւ վերջերս Երեւան հաստատուած լիբանանահայ երիտասարդ երգիչ Նժդեհ Շահինեանին հետ. 

 

-Ինչպէ՞ս որոշեցիք օժանդակութիւններ հասցնել Տաւուշի մեր կարիքաւոր հայրենակիցներուն, ինչպէ՞ս ծնաւ այս գաղափարը:


Ամէն մարդ իր ապրած շրջապատին ազդեցութեամբ կը գործէ, իր շրջապատէն ինչ տեսնէ, ինչ լսէ, այդ ձեւ կը վարուի. ես  խումբ  մը  ընկերներ  ըրինք այն ինչ տեսած եւ սորված ենք: Այստեղ տեղին է յիշել նաեւ պէյրութահայ   ռաբ  երգիչ «Ալպերովիչ»ը եւ անոր ունեցած ազդեցութիւնը (նշենք, որ  «Ալպէրովիչ» անհատական նախաձեռնութիւն մը  կատարելով  նիւթական  օժանդակութիւններ հասցուց  Պէյրութահայ կարիքաւոր  ընտանիքներու-խմբ.): Ես տարիներ է՝ փափաքը ունէի նման նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալու, բայց  իր տարած աշխատանքը եղաւ ինծի ուժ, որ ես ալ սկսիմ այս  գործը՝ ընկերներուս օգնութեամբ:

 

-Օժանդակութեան  խնդրով որո՞ւ դիմեցիք եւ ի՞նչ եղաւ անոնց արձագանգը, ինչպէ՞ս ընդառաջեցին:

 

Նախ դիմեցի ճանչցուած երգիչ Սահակ Սիսլեանին ու անմիջապէս ընդառաջեց, ապա դիմեցի ողորմած ընկերոջս՝ Ռաֆֆի Փափազեանին ընտանիքին, իսկ Սերոբ Սրապեանին պահով, ըսեմ, որ մենք հին ընկերներ ենք եւ որեւէ պարագայի միշտ իրար կողքին  եղած ենք՝ եղբօր նման:

 

-Ի՞նչ էր զգացումդ երբ Տաւուշ գացիր, մանաւանդ որ այնտեղ պատերազմական գործողութիւններ  եղած էին   եւ ժողովուրդը բաւական վնաս  կրած  էր՝ ռազմական, հոգեբանական, մարդկային տարբեր առումներով: 


Իրապէս որ շատ ցաւալի վիճակ էր: Կրնամ ըեսլ տեսերիզով ժողովուրդին մեր ցոյց տուածը իսկական ծանր պատկերին 20 առ հարիւրն էր: Տեսանք ճաշարաններուն մէջ աւելցած չոր հացը ուտող տատիկները, տեսանք ինչպէս ընտանիքները  ահազանգային իրավիճակի մէջ, իրապէս ինչքան ալ նկարագրեմ այդ օրերուն այնտեղ տիրող իրավիճակը, տեսնելը ուրիշ է, եւ շատ դժուար  վիճակ մըն էր։

 

-Ինչպէ՞ս էր տեղի ժողովուրդին արձագանգը, ի՞նչ զգացումներ արտայայտեցին, տեսնելով, որ սփիւռքէն երիտասարդներ կ'ուզեն իրենց օգնել, ձեզի ինչպէ՞ս ընդունեցին:


Շատ ուրախացան, մանաւանդ երբ տեսան սփիւռքէն էին եկող տղաքը. շատեր փորձեցին օգնութեան դիմաց ձեռքերնիս համբուրել, բայց անշուշտ մենք թոյլ չտուինք եւ ընդհակառակը, մենք իրենց ձեռքերը համբուրեցինք:

 

-Ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք սփիւռքի, երիտասարդութեան, յատկապէս այս օրերուն, երբ Հայաստանը կանգնած է լուրջ դժուարութիւններու առջեւ՝   պաշարուած  երկու ոչ բարեկամական  երկիրներով։


Ես շատ ուրախ եմ մեր երիտասարդութեամբ՝ բոլոր առումներով, շատ երիտասարդներ փորձեցին մեր կողքը ըլլալ, սակայն մեզի շատ ապշեցուց սփիւռքահայ մեծահարուստներու եւ վիճակով լաւ երգիչներու մօտեցումը՝ այս ծրագրին: Նորէն կ'ըսեմ, մենք ըրինք ինչպէս որ մեզի դաստիարակած են, նուիրատուներն ալ նոյնպէս եւ վստահ  եմ, որ  Աստուած պիտի հատուցէ։

Սրտիս խօսքը մեր երիտասարդութեան՝ շնորհակալ եմ, որ հայութեան կողքին են, երանի այս զրոյցը առիթ ըլլայ, որ մեր ազգի ունեւորները քիչ մը զգացուին, եթէ ամէն մէկը նոյնիսկ մէկ տոլար նուիրէ, հաւատացէք որ կարիքաւոր ընտանիք չի մնար:

Յատուկ շնորհակալութիւն  դէպի  Տաւուշ օգնութիւն հասցնող իմ ընկերներու՝ Կարօ Փամպուքեանին, Հրայր Տաղլեանին, Հրակ Լէփէճեանին, ինչպէս նաեւ նուիրատուներուն՝ Սահակ Սիսլեանին, Փափազեան ընտանիքին  եւ Սերոբ Սրապեանին: