image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի պայթումէն տուժած հայ մամիկը դեռ կը տառապի. Տեսանիւթ

Պէյրութի պայթումէն տուժած հայ մամիկը դեռ կը տառապի. Տեսանիւթ

Համացանցով տարածուած է Լիբանան բնակող հայ մամիկին՝ Ազատ Մելքոն Գույումճեանի տան տեսանիւթը, ուր կ'երեւի, թէ ինչպէս   մամիկը կը վիրաւորուի 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն: Անոր վրայ կ'իյնան պատուհանի շրջանակներն ու  կոտրուած ապակիները եւ կինը կը տնքայ: Մամիկը, որ արդէն իսկ շարժողական խնդիր ունէր, չի կարողանար վեր կենալ տեղէն, անմիջապէս օգնութեան կը հասնի սպասուհին։

«Ան դեռ կը տառապի, եկէք աղօթենք հայ մամիկին համար»,-այս խորագիրով տեսանիւթը լայն տարածում գտած է, իսկ մեկնաբանութիւններով հազարաւոր մարդիկ կ'աղօթեն մամիկի առողջութեան համար։