image

Պայթումէն վիրաւորուած եւ ապա մահացած. Ոչ եւս է Լիբանանի ազնուական տիկիններէն՝ Լէյտի Սըրսոքը

Պայթումէն  վիրաւորուած եւ ապա մահացած. Ոչ եւս է Լիբանանի ազնուական տիկիններէն՝ Լէյտի Սըրսոքը

Լիբանանի մէջ 98 տարեկանին մահացած է Սըրսոք ազնուական ընտանիքի անդամներէն մէկը՝ Լէյտի Իւոն Քոշրան Սըրսոքը: Ան կը համարուէր Պէյրութի հանրայայտ Սըրսոք թանգարանի տիրուհիներէն մէկը, 1960-ականներուն եղած է Սըրսոքի կոմիտէի նախագահը, Լիբանանի մէջ հնագոյն տուներու եւ բնակավայրերու պաշտպանութեան միութեան հիմնադիրը, որուն  նախագահն էր 1960-2002 թուականներուն: Անոր ամուսինը եւրոպական ծագմամբ բարձրաստիճան զինուորական էր, որ մահացած է 1979-ին: 

Լէյտի Սըրսոքի մահուան լուրը յայտնած է Սուրսոք թանգարանը, նշելով, որ Սըրսոքներու պատմական առանձնատունը, ուր կ'ապրէր Լէյտին, տուժած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն, ինքը՝ Լէյտի Սըրսոքն ալ վիրաւորուած եւ տեղափոխուած էր ընտանեկան ամառանոց, ուր կը բուժուէր:  Անոր մահուամբ, ինչպէս նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, շրջուեցաւ Լիբանանի քրիստոնէական պատմութեան եւս մէկ էջ: 

 

Լետի Սըրսոքը՝ Լիբանանի նախագահ Շարլ Հլուի հետ

 

 

 

 

 Լէյտի Սըրսոքը՝ Սուրսոքներու՝ 1860-ին կառուցած տուն-պալատին մէջ, ուր կը բնակէր

 

 

 

 

Սըրսոքներու 160-ամեայ տուն-պալատը՝  4 օգոստոսի 2020-ի պայթումէն ետք


Սըրսոք ընտանիքը Լիբանանի յոյն ուղղափառ տոհմերէն է, որոնք կը կրեն  բիւզանդական աւանդոյթներ:  

Կը համարուի Լիբանանի եօթ հնագոյն եւ ազնուական ընտանիքներէն մէկը,  Լիբանան հաստատուած է 1700-ականներուն: Սըրսոքները կառուցած են առանձնատուներ, որոնց մեծ մասը կտակած են Պէյրութին՝ մշակութային եւ պատմական կեդրոններ դարձնելու պայմանով:  

Սըրսոքի առանձնատուներէն մէկուն մէջ տեղակայուած է Լիբանանի ժամանակակից արուեստի թանգարանը, որ կը գտնուի Պէյրութի Էշրաֆիէ շրջանի Ռու Սըրսոք փողոցին վրայ: Այդ փողոցին վրայ կը գտնուի նաեւ Սըրսոքներէն եւ այլ հարուստ ընտանիքներէն մնացած ամրոցներ, տուն-պալատներ: Սըրսոքի թանգարանի շէնքը լիբանանեան ճարտարապետութեան հիանալի օրինակ է, որ կը կրէ իտալական, յատկապէս, վենետիկեան եւ օսմանեան ճարտարապետութիւններու ազդեցութիւնը:

Ժամանակակից արուեստի գործերէն բացի, թանգարանին մէջ կը պահուին նաեւ ճափոնական փորագրութիւններ եւ իսլամական արուեստի աշխատանքներ, ընդհանուր առմամբ արուեստի 5000 նմուշ, որոնց մէջ կը մտնեն նկարներ, քանդակներ, ճենապակի, ապակի աշխատանքներ, 18-20-րդ դարերուն թուագրուած գիրքեր: Շէնքին մէջ կը գործեն գրադարաններ, գրախանութ, երաժշտական սրահներ: 

Թանգարանի բոլոր կարեւոր ցուցադրութիւններուն ներկայ կ'ըլլայ  Լէյտի Սըրսոքը:  


Թանգարանը նոյնպէս վնասուած է Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտէն

 

 

Սըրսոք թանգարանը՝ մինչեւ պայթումը

 

Լուսանկարները՝ Սըրսոքներու ժառանգութեան կայքէն