image
Հրատապ լուրեր:

Հայ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 14-ի. Մահացած է Պէյրութի պայթումէն վիրաւորուած Կարօ Քէհէեանը

Հայ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 14-ի. Մահացած է Պէյրութի պայթումէն վիրաւորուած Կարօ Քէհէեանը

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է աղէտալի պայթումի ժամանակ վիրաւորուած Կարօ Քէհէեանը։

Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեցին Պէյրութէն։

Մեր ունեցած տուեալներով, պայթումի ժամանակ Պուրճ Համուտ շրջանի իր գործատեղիին դիմաց կանգնած մեր հայրենակիցը վիրաւորուած է։ Ան վնասուածքներ ստացած է ձեռքէն եւ ապա դարմանուած է ու վերադարաձած կեանքի բնականոն հուն։

Երկու օր առաջ Կարօն անցուցած է սրտի տագնապ, որուն հետեւանքով ալ կնքած ՝ իր մահկանացուն։

Կը տեղեկանանք, որ Կարօն  բարեպաշտ ընտանիքի զաւակ էր, հայր էր երկու դուստրերու, ան որպէս դպրաց դասի անդամ, երկար տարիներէ ի վեր կը ծառայէր Սիս հայկական շրջանի սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ Դպրաց Դասէն ներս։

Այս տխուր կորուստով Պէյրութի մեծագոյն հատուածը աւերակի վերածած պայթումին հետեւանքով զոհուած հայորդիներուն թիւը հասաւ 14-ի։

Վերջին զոհը, որուն մասին «Արեւելք» աւելի վաղ գրած էր Քոյր Սոֆի Խոսրովեանն էր։