image
Հրատապ լուրեր:

Արցախէն՝ 25 միլիոն դրամ Լիբանանի հայութեան

Արցախէն՝  25 միլիոն դրամ Լիբանանի հայութեան

Արցախի հանրապետութիւնը յատուկ կարգադրութեամբ մը 25 միլիոն հայկական դրամի (ինչ որ համազօր է շուրջ 52.630 ԱՄՆ տոլարի) գումար մը պիտի յատկացնէ լիբանանահայութեան։

Այս մասին լուրը տուած է «Արցախբրէս»ը՝ յղում կատարելով Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի տեղեկակտւութեան  գրասենեակի վարչութեան։

Յիշեցնենք, որ 4 օգոստոսին Պէյրութը ցնցած աղէտալի պայթումէն անմիջապէս ետք դէպի Լիբանան օժանդակութիւններ ուղարկեցին ՀՀ Կառավարութիւնն ու աւելի ուշ Արցախի կառավարութիւնը։