image

Սուրբ Էջմիածնի մէջ հոգեհանգիստ՝ Լիբանանի պայթումէն մահացածներրուն համար. Լուսանկարներ

Սուրբ Էջմիածնի մէջ հոգեհանգիստ՝ Լիբանանի պայթումէն մահացածներրուն համար. Լուսանկարներ

Այս պահուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կը կատարուի հոգեհանգստեան կարգ՝ 4 օգոստոսին Լիբանանի պայթումէն զոհուածներուն համար: Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն հոգեհանգստեան արարողութեան ժամանակ իր վշտակցութիւնը յայտնեց զոհուածներու հարազատներուն եւ զօրակցութիւն՝ Լիբանանի նախագահին: Ան նաեւ կոչ ըրաւ համայն հայութեան՝ օգնելու լիբանանահայութեան:

Արարողութեան ներկայ են Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Մայա Տաղէրը, հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, լիբանանահայեր: 

Հոգեհանգստեան կարգը կատարուած է կիրակնօրեայ Սուրբ պատարագէն ետք:  

 

 

 

 

 

Լուսանկարները՝  «Արեւելք»ի