image

Ծանր պատահար Պէյրութի մէջ. Լիբանանահայ տղամարդը վերջ տուած է իր կեանքին

Ծանր  պատահար  Պէյրութի  մէջ. Լիբանանահայ տղամարդը վերջ  տուած է  իր  կեանքին

Ծանր    դէպք մը գրանցուած է    Լիբանանի մէջ։

Այս մասին  կը գրէ  «Լիպանոն Տիպէյթ»   կայքը։ Աղբիւրը կը նշէ, որ  լիբանանցի  միջին տարիքի  տղամարդ մը    վերջ տուած է իր կեանքին՝  կախելով ինքզինք  տան   ձեղունէն։

Դէպքը տեղի ունեցած է հանգուցեալի    Պուրճ Համուտ   հայահոծ  շրջանին  մէջ գտնուող բնակարանին  մէջ։

Դէպքին մասին այլ  մանրամասնութիւններ  չեն տրուիր։

Ներկայ  փուլին    յարգելով  եղած    դէպքին    հանգամանքները      եւ յենելով  «Արեւելք»ի   պէյրութեան  աղբիւրներուն, նշենք,  թէ անձնասպանութիւն  գործած   լիբանանահայ    տղամարդու   անուան  սկզբնատառերն են ՝ Վ.Օ.։

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի  տնտեսական    իրավիճակի    վատթարացումէն ասդին,   երկրին մէջ երեւելի  աճ  սկսած  են գրանցել   անձնասպանութեան  դէպքերը։