image
Հրատապ լուրեր:

«Մենք պատրաստ են «շահիտ» դառնալ յանուն Ատրպէյճանի» Համացանցի վրայ հակահայ տեսանիւթ տարածուած է

«Մենք պատրաստ են «շահիտ»  դառնալ յանուն Ատրպէյճանի» Համացանցի վրայ   հակահայ    տեսանիւթ տարածուած է

Համացանցի վրայ  տարածուած  տեսանիւթով մը,  իրենք զիրենք Իմամ Ալիի հետեւորդները ներկայացնող  անծանօթ  խմբաւորման մը  անդամները սպառնալից  ոճով վիրաւորանքներ  հասցուցած  են հայութեան։

Այս մասին  իմացանք Գահիրէի   «Արեւելք»ի  աղբիւրէն:   Խմբաւորման անդամները, որոնք կանգնած են  Ատրպէյճանի  դրօշակին առջեւ,  լուռ  հետեւած են իրենց գլխաւորի  խօսքերուն,  որ  մասնաւորապէս ըսած է. «Մենք Իմամ Ալիի  զաւակներն ենք եւ կը դատապարտենք  անհաւատ  Հայաստանի    սպառնալիքները    մեր սիրելի  Ատրպէյճանին  դէմ:  Մենք   այստեղէն՝ Պաղտատէն մեր բողոքի ձայնը  կը բարձրացնենք  հայերուն դէմ ու կ՚ըսենք, որ պատրաստ ենք նահատակուելու... Պաղտատէն  մինչեւ Պաքու, այո՛ մենք պատրաստ ենք»

Նշենք, որ խմբակը, գլխաւոր գնդացիր մ՚ունենալով (ինչպէս կ՚երեւի տեսանիւթին մէջ),   օդը   կրակած   է,   իբրեւ թէ իր սպառնալիքներուն յաւելեալ  ուժ տալու  անհիմն    եւ երեւակայածին մօտեցումին։

Տեսանիւթը  մեծ տարածում  գտած է  համացանցի վրայ, այն տարածուած է  մասնաւորապէս Աբբաս  Ալ Լամի անունով ինքզինք որպէս  լրագրող ներկայացնող անձի մը կողմէ։

 

 

 

Նշենք, որ  առաջին անգամն է, որ  մասնաւորապէս Իրաքէն  եւ արաբերէն լեզուով  հակահայ  միտումներ ունեցող  տեսանիւթ մը  կը հրապարակուի, որուն հիմնական նպատակն է սեպ խրել  Հայաստանի   մեծ բարեկամ Իրանի  Իսլամական Հանրապետութեան եւ  հայութեան  միջեւ։

Տրուած  ըլլալով, որ  Իրանը   շիիթ  աշխարհի   ամենակարեւոր    առաջատարն է,   տեսերիզը պատրաստողները   նպատակ ունեցած են      ներկայանալ, որպէս շիիթներու համար  սրբութիւն սրբոց համարուող   Իմամ  Ալիի  «հաւատարիմ» հետեւորդներ։

Տեսանիւթը կը հրապարակենք  առ ի գիտութիւն,  այն համարելով   հայութեան դէմ  տարուող     տեղեկատուական    մեծ պատերազմի  սադրալից  եւ դատապարտելի մէկ  արտայայտութիւնը։