image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ կը փորձէ ստուգել միջազգային հանրութեան արձագանգը. Անժէլա Էլիբէկովա

Ալիեւ կը  փորձէ ստուգել միջազգային հանրութեան արձագանգը. Անժէլա Էլիբէկովա

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ ատրպէյճանագէտ ՝ Անժէլա Էլիբէկովան

 

-Ի՞նչ կը կարծէք, Տաւուշի դէպքերը ինչ որ տեղ եղան յօգուտ Ալիեւին, այն իմաստով, որ ան անաղմուկ կերպով կարողացաւ պաշտօնանկ ընելՄամետեարովը ու նաեւ ինչ որ տեղ բացառել նոր ընդդիմութեան մը ձեւաւորումը։ Կա՞յ այդպիսի բան։

Մամետեարովի հրաժարականը այդքան ալ պայմանաւորուած չէր Տաւուշի դէպքերով, այն ուղղակի առիթ էր, որ արագացուց այդ գործընթացը, որ արդէն ամիսներ շարունակ մենք կը դիտարկէինք եւ ազդակները կը զգայինք, որ Արտաքին գործոց նախարարը, այնուամենայնիւ, պիտի ազատեն պաշտօնէն: Ատոր ազդակներն էին նախ  Մամետեարովի հանդէպ ատրպէյճանական խորհրդարանին  մէջ բաւականին յստակ քննադատութիւնը, թէ բանակցային գործընթացին Մամետեարովը չափազանց մեղմ է եւ հանդուրժողական, եւ որ աւելի կոշտ դիրքերէ պէտք է բանակցի, անկէ ետք մենք տեսանք, թէ ինչպէս ամբողջ աշխարհին ցուցադրեցին իր տղային ունեցուածքը ԱՄՆի մէջ, այդ շարքին նաեւ բնակարանները եւ բազմամիլիոնանոց ունեցուածքը:

Տեսանք նաեւ թէ Ատրպէյճանի  ԱԱԾ-ն  ինչպէս մտաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն, ստուգումներու, եւ ձերբակալուեցան բաւականին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ՝  կաշառակերութեան  գործերով:

Այսինքն այս գործընթացը կը պատրաստուէր վաղուց եւ սա՝ Տաւուշի դէպքերը ուղղակի լաւ առիթ էին Ալիեւի համար, այսպէս, երկու նապաստակ խբելու եւ բարդելու, այդ շարքին նաեւ Մամետեարովի վրայ, բանակցային գործընթացին մէջ իրավիճակի դանդաղ զարգացումը: Եւ Ալիեւը այդ մասին նոյնպէս օրեր առաջ խօսած էր, ըսելով, թէ ինք դժգոհ է Մինսքի խումբի գործունէութեան անպտուղ ըլլալէն եւ կը գերադասէ հարցը տանիլ դէպի ռազմական ճանապարհ, ինչին նաեւ արտացոլանքն էր այն ինչ տեսանք Տաւուշի մէջ:

 

-Այս բոլորը հաշուի առնելով, կա՞յ միտում, որ իրավիճակի ամբողջ ղեկը կը գտնուի մարտերու դաշտին մէջ, ուր երեւելի է հայկական կողմին առաւելութիւնը. Այս  ընթացքը  հաշուի առնելով  աւելի մեծ ռազմական գործողութիւններ սպասելի ե՞ն։

Ինչ կը վերաբերի ռազմական գործողութիւններու աւելի լայնածաւալ դառնալուն, ապա նախ Ալիեւը պէտք է վստահ ըլլայ, որ կրնայ հասնիլ ինչ որ յաջողութիւններու: Ես կը կարծեմ, որ այս փուլին ինքը աւելի շատ կը փորձէր ստուգել միջազգային հանրութեան արձագանգը, որ բաւականին  անմարմին  էր եւ չէզոք, առանձնապէս «Քովիտ» համաճարակի պայմաններուն մէջ միջազգային հանրութիւնը հիմա ուշադրութիւնը չի սեւեռէր այստեղ, եւ Ալիեւի համար այդ մէկը եւս ազդակ է, եւ ես կը կարծեմ, որ վրէժխնդրութեան իր այդ մոլուցքով,  Ալիեւ պիտի շարունակէ փորձեր ընել, նաեւ սադրանքներու երթալ առաջնագիծին, բայց կը հասնի՞ արդեօք իրավիճակը լայնածաւալ պատերազմի, այս պահի դրութեամբ չեմ կրնար նման բան կանխատեսել:

 

 

-Արդեօք Անգարան այս անգամ դուրս կու գայ Հայաստանը  դատապարտող յայտարարութիւններէն ու միջամուխ կ'ըլլայ ռազմական գործողութիւններուն, յատկապէս Նախիջեւանի  հատուածին մէջ։

Անգարան միշտ ալ  սատարած է Ատրպէյճանին, ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ ռազմական ոլորտին մէջ, ե՛ւ ռազմական սարքերով, ե՛ւ զօրավարժութիւններով, ե՛ւ Ատրպէյճանի յատուկ ջոկատայիններու պատրաստութեամբ, որոնք Տաւուշի մէջ ոչնչացուցեան։ Այսինքն Թուրքիան Ատրպէյճանին հնարաւորինս այդ հարցով, նաեւ գործնականապէս, կ'աջակցի: Ինչ կը վերաբերի Նախիջեւանեան ուղղութեան, ես ի հարկէ ռազմական փորձագէտ չեմ, բայց տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ այդ ուղղութիւնը աւելի շատ ատոր համար է, որ հայկական կողմը իր ուժերը բաշխէ երեք ուղղութեամբ՝ Արցախի, Նախիջեւանի եւ Տաւուշի միջեւ, որպէսզի աւելի հիւծուի:

Այսինքն աւելի պատերազմական գործողութիւններու պէտք է սպասել, այո՛, նաե՛ւ նախիջեւանեան ուղղութեամբ: Անոր պէտք է ըլլալ պատրաստ, որովհետեւ մենք իրենց զօրավարժութիւններու տրամաբանութենէն այդ կը տեսնենք, որ իրենք կը պատրաստուին մեզի ճնշել բոլոր ուղղութիւններով, եւ այդ շարքին, այո՛, նաեւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ: