image

Կարէն Վերանեան. Ալիեւ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու ճանապարհով պիտի չերթայ

Կարէն Վերանեան. Ալիեւ լայնածաւալ  ռազմական   գործողութիւններու ճանապարհով   պիտի  չերթայ

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ  վերլուածաբան եւ ՝  «Օրբելի» կեդրոնի փորձագէտ՝ Կարէն Վերանեան։

- 12  Յուլիսին,   Ատրպէյճանի   զինուած   ուժերու   նախայարձակ  քայլը, ըստ որոշ վերլուծաբաններու,  ռազմական  ինչ որ ծրագրի   առաջին   քայլն էր:   Եթէ  այդ    քայլի առաջին դրուագը  տապալուած համարենք, ուրեմն  ի՞նչ  զարգացումներ  պէտք է  սպասել։
 

   Աւելի շատ հակուած եմ այն տեսակէտին, որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը դիմած է նման արկածախնդրութեան, առաջին հերթին, ելլելով երկրին մէջ համավարակի հետեւանքով առաջացած ու հասունացող ընկերային դժգոհութիւններու ալիքը մեղմացնելու, հանրութեան ուշադրութիւնը դէպի ռազմի դաշտ շեղելու եւ արտաքին ուղղութեամբ հանրութիւնը միաւորելու շարժառիթներէն։ Կը խօսուի նաեւ Ատրպէյճանի մէջ ջրային միջոցներու սակաւութեան հետ կապուած հասունացող ճգնաժամի մասին, որ նոյնպէս կարելի է դասել այդ շարժառիթներուն շարքին։ Այն, որ Ալիեւի նախաձեռնած սադրիչ գործողութիւնները առայսօր տապալուած են, այնտեղ երկու կարծիք չի կրնար ըլլալ։ Այն, որ հայկական կողմը փայլուն եւ անթերի գործողութիւններ կ'իրականացնէ տարբեր ճակատներու վրայ՝ տեղեկատուական եւ ռազմական, այդ եւս անհերքելի է։ Ի դէպ, ապրիլեան ռազմական գործողութիւններէն յետոյ, այն թուացող յաղթանակի կարծրատիպը, որ Ալիեւը կը փորձէր ներարկել իր հանրութեան շրջանակին մէջ, հայկական կողմի այս օրերու փայլուն գործողութիւններու շնորհիւ, արմատապէս ջարդուեցաւ։ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ձեռնարկած սադրիչ գործողութիւններու երկրորդ դրուագը թերեւս այն պէտք է ըլլայ, որպէսզի կրած անյաջողութիւնները կարողանան կոծկել եւ հանրութեան առջեւ զեղծարարութիւնը, որպէս իրականութիւն ներկայացնել․ Ալիեւին, այս փուլին, թերեւս անհրաժեշտ է ապատեղեկատուութեան միջոցով հանրութեան առջեւ պատկեր ձեւաւորել, որ կը կարողանայ ինչ որ կերպ արդարացնել միլիառաւոր տոլարներու արժողութեամբ սպառազինութիւններու ձեռքբերումը։ Փաստ է, սակայն, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը մէկը միւսին ետեւէն ակնյայտ պարտութիւն կը կրեն դիրքային պայքարին մէջ, տալով մարդկային կորուստներ, կորսնցնելով ռազմավարական նշանակութեամբ դիրքեր։ Կը մնամ այն կարծիքին, որ Ալիեւը չ'երթար լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու ճանապարհով, ինչ որ Ատրպէյճանի մէջ ստեղծուած ընկերա-տնտեսական, համավարակային բարդ իրավիճակի համաթեքսթին մէջ, կարող է անկանխատեսելի գործընթացներ ու վտանգներ առաջացնել Ալիեւի իշխանութեան պահպանման հարցով։ Ըստ ինծի, ռազմական գործողութիւնները եթէ նոյնիսկ ունենան խորքայնութիւն, ապա պիտի շարունակուին գլխաւորապէս տեղային պատերազմի վարման սահմաններու մէջ եւ պիտի չվերածուին լայնածաւալ գործողութիւններու։ 
- Ստեղծուած  իրավիճակը  կարո՞ղ  է յանգեցնել   աւելի   մեծ  ռազմական  գործողութիւններու,  քանի  որ Ատրպէյճանը  կարծես պատրաստ չէ   ռազմական   գործողութիւններու  մագլցումը  բացառելու բոլոր  մակարդակի յորդորները։

  Նշեմ, որ չկան լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսելու քաղաքական, տնտեսական, անվտանգային ու պաշտպանական նախադրեալները։ Չեմ կարծեր, որ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը հաշուարկած է, թէ որքան կարող է տնտեսապէս ու քաղաքականապէս դիմակայել համավարակի պայմաններու մէջ նման  սենարի տարբերակի մը զարգացման պարագային։ Մէկ բան պարզ է, որ երկարատեւ, այն ալ՝ աւելի մեծ ծաւալի ռազմական գործողութիւններու հնարաւորութիւնը ցած է։ Անոնք թերեւս կը շարունակուին տեղային եւ դիրքային պատերազմական գործողութիւններու տրամաբանութեամբ, կարող են տեղափոխուիլ կամ զուգահեռաբար ընթանալ արցախեան կամ նախիջեւանեան ուղղութեամբ, սակայն կրկին ընդգրկելով հիմնականօրէն տեղային պայքարի շրջանակը։ 

 

- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք  Թուրքիոյ  դերակատարութիւնը  ստեղծուած իրավիճակին մէջ: Անգարայի  կողմէ  դիրքորոշման    յաւելեալ   կարծրացում  կա՞յ,  թէ  վաղ  է խօսիլը այդ մասին։

 Ստեղծուած իրավիճակին մէջ եւ ընդհանրապէս Թուրքիոյ դիրքորոշումը եւ քաղաքականութիւնը, Հայաստանի, արցախեան հակամարտութեան ու հայութեան նկատմամբ, որպէս կանոն, վտանգաւոր է եւ բացասական։ Ներկայ դրութեամբ՝ Անգարան ըստ էութեան կը շարունակէ պահպանել իր քաղաքականութեան հակահայկական տրամաբանութիւնը, աջակցութիւն ցուցաբերելով Ատրպէյճանին։ Թուրքիոյ դիրքորոշման մէջ էական փոփոխութիւններ չեմ նկատեր. Անքարան պիտի շարունակէ գաղտնի եւ անթաքոյց աջակցութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանին տարբեր ուղղութիւններով՝ ռազմական, քաղաքական, տնտեսական, տեղեկատուական եւ այլն։ Այս նորութիւն չէ մեզի համար, եւ մենք պատրաստ էինք նման արձագանգներու։ Իրականութեան մէջ, Թուրքիան իր յայտարարութեամբ եւս մէկ անգամ կը փաստէ, որ եթէ Ատրպէյճանը կը գտնուի Հայաստանի հետ ուղիղ հակամարտութեան մէջ, ապա Թուրքիան Հայաստանի դէմ կը վարէ միջնորդաւորուած եւ  խառն պատերազմ։