image
Հրատապ լուրեր:

«Ուտելիքը՝ երազ եւ սովը ուրուական...». Ինչ կը պատմեն Պէյրութի չքաւոր բնակիչները. Al Naharnet

«Ուտելիքը՝ երազ  եւ սովը  ուրուական...». Ինչ  կը պատմեն  Պէյրութի  չքաւոր  բնակիչները. Al Naharnet

Լիբանանեան «Ալ Նահար» օրաթերթի լրագրողներէն  Ասրար Շըպարո, որ յայտնի է  իր հետաքննական նիւթերով, օրերս  ուշագրաւ նիւթ մը հրապարակած է Պէյրութի բազմահոծ շրջաններէն համարուող  «Նապաա»  շրջանին ընդհանուր իրավիճակին մասին. շրջան մը, որ    ինչպէս մօտիկ անցեալին, այսօր ալ կը համարուի  «չքաւորութեան կեդրոն»։

Կը ներկայացնենք նիւթը,  առանց  միջամտութիւններու։

 

 

Լիբանանի ժողովուրդը հասած է սովամահ ըլլալու եզրին: «Օգնեցէք...անօթի ենք»: Այս աղերսներով կը դիմեն  Պէյրութի «Նապաա» շրջանի բնակիչները «ԱլՆահար»-ի լրագրողներուն, որոնք փորձելով աշխարհին  ներկայացնե լանոնց բողոքներն ու գանգատները   կը  նկարահանեն ու կը զրուցեն  այդ շրջանի  բնակիչներուն  հետ

Տարեց մայրիկ մը ներս կը հրաւիրէ լրագրողները: Երիտասարդ զաւակը՝ էլին՝ Նիճերիոյ մէջ արկածի մը հետեւանքով  կորսնցուցած է  ոտքը եւ հիմա այստեղ՝ անկողնին գամուած,   մատնուած է դժուարին  կացութեան։ Մամիկը անկարող է աշխատանքի, կը դժուարանայ միս ու բանջարեղէն գնել: «Կարօտցած ենք ճաշի բուրմունքը, ոչ բանջարեղէն, ոչ պտուղ, իսկ միսը արդէն մոռցած ենք» կ'ըսէ Էլի: «Տան վարձքը ամիսներէ ի վեր  չենք վճարած, կառավարութիւնը որեւէ օգնութիւն չի ցուցաբերեր: Ստորացած ենք մեր իսկ հայրենիքին մէջ»:

Պուրճ Համուտի բնակիչ՝ Տիպ Ֆարհադը, հազարաւոր լիբանանցիներու նման, տոլարի փոխարժէքի բարձրացումին եւ սղաճին  դիմաց, իր օրապահիկը հազիւ կը վաստակի: Ան իր փուռին մէջ, կը պատրաստէ Լիբանանի նշանաւոր «մանաիշը»:

Տիպ զայրոյթով կը խօսի կառավարութեան մասին, որ իր գեղեցիկ երկիրը այս վիճակին հասցուցած է, եւ թէ քաղաքական գործիչները միլիոններու մէջ թաղուած, չեն հասկնար քաղաքացիին վիճակը: «Մանաիշին  սակը ստիպուած նոյնը պահեցի, բայց պանիրով պէօրէկինը՝ բարձրացուցի, որովհետեւ պանիրի գիները տարօրինակ աճի մէջ են: Փուռս անընդհատ կը վնասէ: 5 զաւակի տէր եմ,  եթէ միմիայն հաց ուտենք, նորէն դրամը չէ բաւեր»: Տիպի  խանութին հարեւանը միջամտելով կ'ամբողջացնէ.- «Միսը, հաւը, ձուկը... ուտելիքը երազ դարձան»:

Իսկ փուռի յաճախորդ՝ Մառլէնը յանկարծ կը պոռթկայ.  «Ես առանձին կին եմ, օրական այս մէկ  «մէնէիշ»ով կ'ապրիմ: Մինակս մթութեան մէջ կ'անցնեմ գիշերները, ելեկտարականութեան համար դրամ չունիմ»:

Հին առարկաներ վաճառող խանութի մը դրան առջեւ կանգնած է Էլի Տէր Պօղոսեանը: Ան կը զբաղի նաեւ բնակարաններուն մէջ նորոգութիւններ  կատարելու  գործով։ Ամէն օր անհամբեր կը սպասէ աշխատանքի մը կանչին: Տարիներու ընթացքին հաւաքած է այս հին առարկաներու ժողովածոն, յուսալով, որ այս խանութը օգտակար պիտի ըլլայ իր ապրուստը շահելու: Ան քանի մը ամսուայ մէջ  ծախսած է իր կեանքի ընթացքին վաստակած գումարը, այժմ այս հին առարկաները կը համարէ իր «փոքրիկ գանձը եւ ապրուստի ապաւէնը»: Էլի կ'ըսէ «Տոլարի բարձրացումին պատճառաւ, 5000 արժող առարկան այսօր 60000 կ'արժէ: Յաճախորդները այլեւս չեն ուզեր գնել, նոյնիսկ չեն կանչեր նորոգութիւններ ընելու»: Ան ափսոսալով կը շարունակէ. «Ձեռավարձս, օրուայ կտրուածքով  30-40 հազար էր, հիմա օրականս հազիւ 10000 է, փառք որ աղջիկս արտասահման կ'ապրի, ապա թէ ոչ սովէն մեռած էինք: Պանիրը եւ միսը առաջ կրնայինք ապահովել, սակայն այս օրերուն   անոն   ջնջուած են բառարանէն: Կինս վարպետ խոհարարուհի է, թեթեւ ճաշերով մեր  օրը կ՚անցընենք։  Շատ մեծ  ամօթ է, որ մեր հիմնական հոգսը օրուայ հացը ճարելն է, բայց կը սպասենք  յոյսի  մը  եւ  իրական  լուծումի»: