image

«Վերջին օրերուն թրքական ուժեր հրկիզած են Ռաս Իւլ Այնի եւ Թէլ Ապիատի հայերու պատկանող մշակուած արտեր». Տօքթ. Աբիկ Գարակիւլէեան

«Վերջին  օրերուն թրքական  ուժեր   հրկիզած են    Ռաս Իւլ  Այնի եւ Թէլ Ապիատի հայերու  պատկանող  մշակուած արտեր». Տօքթ. Աբիկ  Գարակիւլէեան

Հալէպահայ    բժիշկ Աբիկ Գարակիւլէեանը  վերջին տարիներուն  ասպարէզի բերումով  հաստատուած է   Քոպանի՝  Արաբունար։ Մեր  հայրենակիցը,    ընդառաջելով «Արեւելք»ի խնդրանքին,    թարմ տեղեկութիւններ  հաղորդեց  Սուրիոյ հիւսիւսային  շրջաններուն  մէջ  տիրող  իրավիճակին մասին։

 

Պատասխանելով մեր  հարցումներուն   Գարակիւլէեան  մասնաւորապէս ըսաւ. «Այն շրջանները,   որոնք կը գտնուի   թրքական զաւթիչ  ուժերուն  եւ Անգարայի   հովանաւորութեամբ   գործող  միլիցներու  տիրապետութեան   տակ, ապա պէտք է ըսեմ, որ  մասնաւորապէս  Ռաս Իւլ Այնի եւ Թէլ Ապիատի մէջ այլեւս հայեր չկան, բոլորը հեռացած են այդ շրջաններէն։ Վերջերս լսեցինք, որ Թէլ Ապիատի մէջ քանի մը հայեր, որ հողեր ունին, 2-3 օր  վերադարձած են՝ քաղելու համար իրենց հունձքը եւ հանդիպած են  թրքական ուժերու արգելքին, որոնք   հրկիզած են  այդ  արտերը: Ի դէպ թուրքեր  այդպէս  վարուած են, ոչ միայն հայերու   այլ    այդ շրջանի  միւս բնակիչներուն հետ եւս։ 

Գալով մեր շրջանին՝ Քոպանիին, որ կը գտնուի քրտական ուժերու իշխանութեան տակ, ըսեմ, որ մեր  մօտ  շատ ճգնաժամային վիճակ է։ Կայ դեղօրայքի   տագնապ, եւ  եթէ այսպէս շարունակուի,  կամաց կամաց սնունդն ալ պիտի պակսի, սուրիական   թղթոսկիի ալ պակաս կայ։ Տագնապը  նոր չէ,  սակայն վերջին  օրերուն բաւական  սասկացաւ։

Բժշկական առումով ալ, ժողովուրդը դրամ չունի՝ բժիշկի դիմելու, ստիպուած աւելի պետական հիւանդանոցներ կ'երթան, ուր ձրի է քննութիւնը, եւ  մեր քով առաջուան  վիճակը  չկայ: Մանկական կաթը ահռելի սղած է, 1 տուփը դարձաւ 10 000 սուրիական: Դպրոցները պետական-արաբական չեն, այլ՝ քրտական, որոնք ոչ մէկ տեղ ճանաչում ունին, աշակերտները շուարած են, թէ աւարտելէ ետք ո՞ր համալսարանը զիրենք պիտի ընդունի: Միւս կողմէն քրտական ուժերը կ'ըսեն, որ իրենք համալսարաններ պիտի հիմնեն: Այս է ընդհանուր պատկերը, ժողովուրդը շատ լարուած վիճակ մը ունի  եւ անգործութիւնը  դարձած է համատարած»: