image

«Պատերազմը մեզի դարձուց աւելի քաջ եւ աւելի ստեղծագործող» Հալէպահայ՝ Անի Մարկոսեան

«Պատերազմը     մեզի դարձուց  աւելի  քաջ եւ աւելի ստեղծագործող» Հալէպահայ՝ Անի Մարկոսեան

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է Հալէպի արդիւնաբերական պալատի տիկնանց յանձնախումբերու ատենապետուհի, հալէպահայ Անի Մարկոսեանը:

 

-Կեանքի  պայմանները ստիպեցին  ձեզ  նեցուկ կանգնիլ ձեր ամուսնոյն եւ այդպիսով  մտնել գործարար աշխարհ։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այդ փորձառութիւնը։


Ոչ թէ կեանքի պայմանները ստիպեցին գործի ասպարէզ մտնել, այլ՝ անձնական որոշում էր այն, որովհետեւ գործի ասպարէզը ինքնին դպրոց մըն է, ուր մարդ կը սորվի ըլլալ ինքնավստահ, անկախ եւ անշուշտ՝ նեցուկ ընտանիքին:

 

-Պատերազմէն ի՞նչ սորվեցաք եւ որո՞նք էին պատերազմի օրերուն եւ հետեւանքով ձեռք բերուած դրական կէտերը։ Ի վերջոյ լուսաւոր կողմ մը, յիշատակ մը,  յոյս մը կա՞ր պատերազմի ամէնէն բարդ ժամանակներուն։


Պատերազմի ախն ու վախը մեզի դարձուց աւելի քաջ, աւելի անվախ եւ աւելի զօրաւոր, ամէն տեսակ դժուարութիւն յաղթահարող, միջոց գտնող, գաղափարներ ստեղծող մարդիկ դարձանք: Այսինքն, մեզի դարձուց աւելի լաւ մարդ, մարդ, որ կ'օգնէ ոչ միայն իր հարազատին, այլեւ՝ դրացիին, ընկերոջ եւ նոյնիսկ անծանօթին: Մէկ խօսքով, գէշ իրավիճակէն ստեղծեցինք բարին, մարդը եղաւ աւելի լաւ մարդ:

 

-Դուք նաեւ կը գործէք հանրային ոլորտին մէջ։ Պիտի խնդրէինք որ այդ մասին հակիրճ պատմէք։ Ինչպէ՞ս յայտնուեցաք այդ ոլորտին մէջ եւ ի՞նչ է ձեր հիմնական գործունէութիւնը։


Ես 2007-էն անդամ եմ Հալէպի արդիւնաբերութեան պալատի տիկնանց յանձնախումբին, առայժմ կը զբաղցնեմ Ատենապետուհիի պաշտօնը: Մենք կ'աշխատինք ընդհանրապէս տիկինները զարգացնելու ուղղութեամբ, անոնց համար յատուկ դասընթացքներ կազմակերպելու միջոցաւ, իրենց աւելի կարող դարձնելու համար: Նաեւ ցուցահանդէսներ կը կազմակերպենք, կիներուն վաճառքի շուկայ ապահովելու համար , մեր արդիւնաբերութիւնը  արտահանելու համար եւ շատ մը այլ տեսակաւոր ոլորտներու մէջ կ'աշխատինք: Առայժմ «Քորոնա» ժահրի եւ տնտեսական տագնապի թելադրած պայմաններուն մէջ, տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ գտնուող մարդոց կը ջանանք օգնութեան ձեռք մեկնել, անոնց տրամադրելով սննդակողովներ, ճաշ եւ այլ օգնութիւններ, ջանալով օգտակար ըլլալ կարիքաւոր մարդոց:

 

-Կը մասնակցիք նաեւ Հալէպի համայնքային կեանքին:  Այսօր  այդ առումով ի՞նչ ոլորտի  մէջ կը գործէք եւ ի՞նչ են առաջնահերթութիւնները։


Ես ՀԵԸ-ի մարզական յանձնախումբի ատենապետուհին եմ: Մեր խումբը հոս ճանչցուած է «Ուրուպէ» անունով: Մեր հիմնական առաջնահերթութիւնը փոքրերն են, կը ջանանք պատրաստել լաւ սերունդ, առողջ սերունդ՝ մտքով եւ մարմնով. ունինք ճատրակի, պասքէթի եւ լողի տարիքային տարբեր խումբեր: Կը հաւատանք, որ այս սերունդն է մեր ապագան, անոր համար կ'ուզենք, որ այն ըլլայ առողջ եւ խելացի:

Եւ նաեւ, իբր քրիստոնեայ եւ հաւատքին կապուած մարդ, ես կը ծառայեմ իմ եկեղեցիիս, Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամ եմ, որովհետեւ, ինչպէս կ'ըսեն, հաւատքն է որ քեզի կը փրկէ, եւ հաւատքն է, որ ձգեց մեզի յաղթահարենք պատերազմի բոլոր դժուարութիւնները:

 

-Պատերազմի փուլը կարծես կարեւոր նոր հանգրուան մը կը բոլորէ. Խօսքը Սուրիոյ դէմ ընթացք առած «Տնտեսական պատերազմ»ին մասին է, ինչպէ՞ս կը գնահատէք  Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի ընդհանուր իրականութիւնը, այդ պատերազմի  լոյսին ներքոյ։


Վստահաբար Սուրիա այս փուլէն ալ յաղթական դուրս պիտի գայ եւ պիտի  կերտուի նոր Սուրիա մը՝ յառաջադէմ եւ ուժեղ:

 

-Հալէպահայերուն մօտ ինչպիսի՞ մթնոլորտ կը տիրէ այս օրերուն։ Հաւատք եւ  պայքարելու ոգի մնացա՞ծ է,  թէ՞ պատերազմին պատճառով հալէպահայութիւնը  թեւաթափ վիճակ մ՚ունի։


Հալէպահայութիւնը, ինչպէս բոլոր սուրիացիները, կը տառապին այս դժուար օրերուն, ընդհանրապէս տնտեսական ծանր վիճակ կը տիրէ, բայց հաւատքը, յոյսը միշտ կը մնայ մեր նշանաբանը, նոր ընտանիքներ կը կազմուին, նոր գործեր կը հիմնուին. յոյսը միշտ կայ եւ վստահաբար այս օրերը պիտի անցնին: Մէկ խօսքով, ծովը կտրեցինք, մնաց գետը, վստահաբար ատ ալ պիտի կտրենք:

 

-Սուրիոյ ապագային հանդէպ հաւատք ունի՞ք։ Ի վերջոյ Սուրիան պիտի կարողանա՞յ  այս մեծ տագնապներէն դուրս գալ, եւ ամենակարեւորը՝ յաղթական  դուրս  գալ. Ի՞նչ կը մտածէք այդ մասին։


9 տարիներու պատերազմը, իսկ ետքը այս ծանր տնտեսական վիճակը, տնտեսական պատիժները, որոնք անարդարօրէն կը կիրառուին Սուրիոյ  դէմ, շատ ծանր եւ դժուար պայմաններու կը մատնեն ժողովուրդը, ընդհանրապէս աղքատութիւն եւ թշուառութիւն կը տիրէ, բայց այդ չի նշանակեր, որ մենք կը յուսահատինք, այլ ընդհակառակը, մենք կ'աշխատինք,.ձեռք ձեռքի կու տանք, զիրար կ'օգնենք, ինչպէս պատերազմի տարիներու դժուար օրերուն, նոյնպէս ալ տնտեսական  այս ծանր տագնապի օրերուն: Վստահ եմ, որ Սուրիան դուրս պիտի գայ այս վիճակէն շատ աւելի առոյգ, շատ աւելի քաջ եւ շատ աւելի ուժեղ եւ մենք մեր ուժերուն վստահելով պիտի   վաղուան  պայծառ,  բարեբեր եւ յաղթանակած Սուրիան: