image

Միացեալ Նահանգներու մէջ. «Էմմի» մրցանակ ՝ Անոյշ Էլբակեանին

Միացեալ Նահանգներու մէջ. «Էմմի» մրցանակ ՝ Անոյշ Էլբակեանին

Միացեալ Նահանգներ   ապրող   հայազգի լրագրող Անոյշ Էլբակեան, հինգերորդ անգամ ըլլալով արժանացած է ամերիկեան հեռատեսիլի ոլորտի բարձրագոյն մրցանակին` «Emmy Award»-ին:

 

 

«Boston Globe»-ի արտադրողը երկու մրցանակ ստացած է «Ամէն ինչ կը փոխուի. Քեյփ Քոտի մէջ կլիմայի փոփոխութիւնը» վաւերագրական ֆիլմին համար: «Շատ յուզուած եմ, որ երէկ երեկոյեան «Էմմի»-ի երկու մրցանակով յաղթած ենք Քեյփ Քոտի մէջ կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ վաւերագրական տեսանիւթին համար»,- Facebook-ի մէջ գրած է ան:

 

Անոյշ Էլբակեան ամերիկեան «Boston Globe» պարբերականի լրագրողն է ու արտադրող: Ան նախապէս մասնակցած է «Boston Globe» մարաթօնին ահաբեկչական յարձակումներու լուսաբանման վերաբերեալ եւ իր խումբին հետ Փուլիտցերեան մրցանակի արժանացած:

 

2016-ին ան արժանացած է «Էմմի» մրցանակի «Մէկ օր Լէոյի կեանքէն» («A Day in Life of Leo») ֆիլմին համար: Էլբակեան արժանացած է նաեւ Online Journalism Award համացանցային լրագրութեան կազմակերպութեան մրցանակին` որպէս հրատապ նորութիւններու լաւագոյն տեսաբան:

 

Յիշեցնենք, որ  Անուշ Էլբակեան  դուստրն է  հայրենի     սիրուած դերասան եւ բեմադրիչ՝  Արթուր Էլբակեանի։