image

Սեւակ Արծրունի. Մենք սկսած ենք տարուիլ արդէն փուլ եկող արեւմտեան արժէքներով

Սեւակ Արծրունի. Մենք սկսած ենք տարուիլ արդէն փուլ եկող արեւմտեան արժէքներով

-Պրն. Արծրունի, Ինչ խօսք, դժուար օրեր կ'ապրինք։ «Քովիտ-19»ի հետեւանքով մեր երկիրն ու ժողովուրդը  յայտնուած  են բաւական բարդ դրութեան մը մէջ։ Կը խօսուի համընդհանուր քոլափսի մասին. Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօր ստեղծուած  իրավիճակը։


Ես շաբաթներ առաջ այդ մասին իմ կարծիքը գրաւոր յայտնած եմ, եւ այն, ինչ գրած եմ, ճիշդ այդպէս ալ ըրած եմ՝ փոխած եմ իմ եւ իմ անմիջական շրջապատի կենսակերպը, եւ ամենակարեւորը, կը վերանայիմ իմ հետագայ կեանքի ամբողջ տեսլականը: Պէտք է փոխել ամէն ինչ մեր կեանքին մէջ, ընդհուպ վերանայիլ մեր մէջ արմատացած սովորութիւնները: Հարկաւոր է ապրիլ այլ կերպ: Վերափոխել նոյնիսկ հաճոյքի, ժամանցի, կենցաղի տնտեսման,  նոյնիսկ՝  բնազդային որոշ սովորոյթներ: Եւ այդ ամէնը պէտք է ընել ոչ միայն Քովիտ-19-ի, այլ նաեւ մոլորակի գերբնակեցման եւ համաշխարհային տաքացման հետեւանքով մեզի սպասող մեծ ցնցումներու պատճառով: Քոլափս պիտի ըլլայ  երկրագունդի որոշ մասերուն մէջ, սակայն, քոլափսը, հաւատացէք հոգեբանական եւ գաղափարական գործօններու հետեւանք պիտի ըլլայ: Այսինքն այն ժողովուրդները, որոնք ինքնուրոյն եւ ինքնաբաւ կ'ըլլան, կը կանխատեսեն իրենց ապագան, անոնք կ'օգտուին յետհամաճարակային իրավիճակէն, իսկ արեւմտեան մոտելը բռնազբօսիկ կերպով շալակած թոյլ հասարակութիւնները  կը փլուզուին:

 

-Հայաստանը ի՞նչ պէտք է ընէ՝ այս  իրավիճակէն դուրս գալու համար: Որո՞նք են գլխաւոր քայլերը, եւ անոնց համար բաւարար ներուժը  ունի՞նք  այսօր։


Մեր ժողովուրդի ներուժը անվերջ է, սակայն անոր ներուժի մեծ մասը կ'ինքնաոչնչացուի քանի մը միֆերու պատճառով: 18-րդ դարուն մեր մտաւորականութիւնը սկսաւ մեր ժողովուրդի դաստիարակման գործընթաց: Մխիթարեանները, բայց նաեւ հայկական պահպանողական քաղքենիութեան այլ շարժումներ Մատրասի, Փարիզի, Ղրիմի, Մոսկուայի եւ երկրագունդի շատ այլ քաղաքներու մէջ սկսան կրթել հայրենի ժողովուրդը, որ կ'ապրէր աղքատութեան ու յետադիմութեան մէջ ոչ միայն Հայաստանի հեռաւոր գաւառներուն մէջ, այլ նոյնիսկ Կոստանդնուպոլսոյ ու Թիֆլիսի նման կարեւոր կեդրոններու մէջ: Անոնք երկու դար շարունակ մեր ազգը հասցուցին զարթօնքի:

Այսօր ցաւով կ'ըսեմ, որ նոյն բանը պէտք է ընել: Հարկաւոր է հայութիւնը ետ բերել իրականութիւն, դատողականութեան (փրակմաթիզմի) դաշտ: Մենք տարուած ենք արդէն փուլ եկող արեւմտեան արժէքներով եւ մեր ներուժը կը սպառենք անոնց միֆերուն հաշուոյն:

Ամէն կողմ միֆեր են․ Ռուսական դաշնակիցէն կատարեալ անկախացման, Փոքր Ասիական եւ օսմանեան անցեալի դրժման միֆ, ապազգային համաշխարհայնացման անշրջանցելիութեան միֆ․․․ Այս բոլորը ոչ թէ արդիապաշտութեան (մոտերնիզմի), այլ յետադիմականութեան եւ խաւարամտութեան արդիւնք է:

Մեզմէ շատերը անկեղծ կը հաւատան բաներու, որոնց մասին ոչինչ գիտեն: Անոնք պարզապէս սխալ ու մակերեսային կը պատկերացնեն ե՛ւ անկախութիւնը, ե՛ւ համաշխարհայնացումը, ե՛ւ պահանջատիրութիւնը: Օրինակ, մենք համաշխարհային ազգ ենք, թէկուզ տուտուկով, հաստ պեխերով, եւ եղած ենք միշտ: Հիմա ո՞վ մեր միտքը մտցուցած է այն գաղափարը, որ համաշխարհայնացած (կլոպալիստ) տղամարդը կ'ըլլայ անպայման ականջօղով եւ պոչիկով: Կամ՝ ռուսատեացութեան այս ջղացնցական (հիսթերիք) ալիքը. ես ֆրանսական մշակոյթի կրող եմ, Ռասինն ու Վոլթերն են իմ մտքի փարոսները, իսկ ռուսերէն չեմ գիտեր, հինգ լեզու գիտեմ, բայց ռուսերէնը անոնց մէջ չէ:  Սակայն հասկցած եմ, որ Ռուսաստանի հետ հայութեան դաշնակցումը ո՛չ մշակոյթի, ո՛չ կրօնի, ո՛չ ճաշակի խնդիր է: Ռուսաստանը մեր պետութեան եւ ազգի կայացման գործին մէջ անշրջանցելի է՝ տնտեսութեան եւ թրքական վտանգի պատճառով: Յետոյ գիտէ՞ք, ամէն առաւօտ արթննալ ու ըսել՝ ես բժիշկ եմ, ես բժիշկ եմ, բաւական չէ  բժիշկ դառնալու համար: Բժիշկ ըլլալու համար հարկաւոր է երթալ, ուսում ստանալ: Կ'ուզենք անկախ ըլլալ, պէտք է աշխատինք այդ ուղղութեամբ օր ու գիշեր, ու յետոյ, անկախութեան դիրքերէն վերագնահատել հայ-ռուսական համագործակցութեան հեռանկարները: Առասպելներով ու անգլերէն ըսած wishful thinking-ով աշխարհաքաղաքականութիւն չես փոխեր:

 

-Այս ամէնով հանդերձ,  որպէս  հայրենադարձ գործարար,  լաւատե՞ս  էք մեր երկրի ապագայի հանդէպ:


Հասարակական գործունէութենէն ես նախընտրեցի անցնիլ գործարար դաշտ եւ հեռու մնալ նեղ քաղաքականութենէն: Այնտեղ այս պահուն կան խնդիրներ, սակայն անոնք բոլորն ալ անցողիկ են: Մեր ժողովուրդը խոհեմ է եւ հարկ եղած պահուն ներկայ եւ զգաստ կը կանգնի պատմութեան առաջ:

Իրականութեան մէջ մենք ունինք երեք գերխնդիր՝ ձերբազատուիլ միֆերէն եւ սուտ հերոսներէն, կառուցել գերարդիական հզօր բանակ եւ ամենակարեւորը՝ սկսիլ կայուն զարգացման հայկական մոտելի ստեղծման համահայկական գործընթաց, որն ալ այս պահուն մեր գլխաւոր աշխատանքն է: Այս երրորդ ուղղութեան մէջ հայրենադարձները մեծ դեր կրնան խաղալ, եւ համոզուած եմ, կը խաղան: