image

Համբիկ Սասունեանի դատական հարց. Հայազգի հերոսը պիտի շարունակէ մնալ բանտի ճաղերու ետին

Համբիկ Սասունեանի    դատական հարց. Հայազգի հերոսը պիտի շարունակէ մնալ  բանտի ճաղերու  ետին

Հակառակ անցնող դեկտեմբերին, բանտարկեալներու ազատ արձակման խորհուրդին՝ Համբիկ Սասունեանը ազատ արձակելու ի նպաստ առած որոշումին, Երեքշաբթի, 26 Մայիսին, նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ, մերժելով խորհուրդին որոշումը՝ արգելակեց Սասունեանի ազատ արձակումը, կը տեղեկացնէ Լոս Անճելոսի   մեր պաշտօնակից՝ «Ասպարէզ»ը:

Իր որոշումին երկարապատում բացատրութեան մէջ, Նիւսըմ, ընդունելով հանդերձ, որ անցնող տասնամեակներուն Սասունեան լուրջ քայլեր առած է վերականգնելու համար իր վարքը՝ ան տակաւին չի հաւատար, որ Սասունեան պատրաստ է  ազատ արձակուելու:

«Կը գնահատեմ Սասունեանը՝ բանտին մէջ իր վարքը բարելաւելու թափած ճիգերուն համար, բայց գոյութիւն ունին աւելի ծանրակշիռ ժխտական հանգամանքներ, որոնք Սասունեանը անատակ կը դարձնեն ազատ արձակուելու», կ'ըսուի Երեքշաբթի օր «Ասպարէզ»ի ձեռք բերած Նիւսըմի նամակին մէջ:

 

«Իմ համոզումը այն է, որ Սասունեան տակաւին չէ կրցած  բաւարար ժամանակի վրայ ապացուցել անհրաժեշտ հմտութիւններու եւ ատակութեան զարգացումը եւ անոնց իւրացումը: Մասնաւորաբար մտահոգուած եմ, որ Սասունեան շարունակաբար կը թերագնահատէ իրմէ պահանջուած աչալրջութիւնը, ներկայիս եւ ապագային՝  հետեւողականօրէն գործելու օրէնքի պահպանման եւ նոյնիսկ անուղղակիօրէն բռնութիւն հրահրելէ խուսափելու վարքագիծով», նամակին մէջ կ'աւելցնէ Նիւսըմ:

Սասունեան դարձեալ ազատ արձակուելու դիմումի իրաւունք կը ստանայ 18 ամիս ետք: