image

«Արդարութիւն՝ Գուրգէն Մարգարեանի դատին». The Guardian -ի լայն անդրադարձը

«Արդարութիւն՝ Գուրգէն Մարգարեանի դատին». The Guardian -ի լայն անդրադարձը

Ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ սպանուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի հարազատները յոյսով են, որ Եւրոպական դատարանը 26 մայիսին վճիռ կը կայացնէ Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ, կը յայտնէ The Guardian-ը։

Գուրգէն Մարգարեանը սպանուած է փետրուար 2004-ն՝ Պուտափեշթի մէջ անգլերէնի ուսուցման ՆԱԹՕ-ի ծրագրին մասնակցելու ժամանակ։

Յետագայ դատական լսումներու ընթացքին ատրպէյճանցի սպայ-մարդասպանը հաստատած է, որ իր գործողութիւններու դրդապատճառը եղած է ատելութիւնը Հայաստանի եւ հայերու հանդէպ՝ երկու երկիրներու միջեւ պատերազմի պատճառով, նշած է թերթը։

«Թէեւ այդ նողկալի միջադէպը տեղի ունեցած է 16 տարի առաջ, այն մինչ այժմ կը մնայ իմ յիշողութեան մէջ»,- նշած է սպայ Հայկ Մակուչեանը, որուն վրայ նոյնպէս յարձակած է Սաֆարովը Պուտափեշթի մէջ։ Ան եւ Մարգարեանի հարազատները գործով հայցուոր կը հանդիսանան ՄԻԵԴ-ի մօտ։

Ինչպէս նշած է The Guardian-ը, անոնք չեն սպասեր նիւթական փոխհատուցում ոչ մէկ կառավարութենէ։ «Մենք կը ձգտինք արդարութեան, այլ ոչ թէ փոխհատուցման։ Մեզի համար կարեւոր է, որ ճանչցուին կոպիտ խախտումները, վերջ դրուի անօրինականութեանն ու կանխուի հայերու հանդէպ ատելութիւնը»,- նշած է Մակուչեանը ելեկտրոնային փոստով գրած իր նամակին մէջ:

Նազելի Վարդանեանը՝ հայցուորներու փաստաբանը, նոյնպէս նշած է, որ Մարգարեանի ընտանիքը չուզեր նիւթական փոխհատուցում։ «Անոնք արդարութիւն կ'ուզեն»,- ըսած է ան։

Ինչպէս նշած է թերթը, «տասնեակ հազարաւոր մարդիկ սպանուած են 1990-ականներու սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի վիճելի տարածքին համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմին։ Կրակի դադարեցման որոշումը համաձայնեցուած էր, սակայն այս շրջանին դեռ պարբերաբար տեղի կ'ունենան ռազմական գործողութիւններ։ Այն ժամանակներէն երկու երկիրներու միջեւ չկան դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ որեւէ զբօսաշրջային կապեր»։

Ըստ թերթի՝ «2004 թուականի սպանութիւնը աւելի սրած է լարուածութիւնը»։

31 Օգոստոս 2012-ին Սաֆարովը արտայանձնած են Ատրպէյճանին, ուր անոր անյապաղ ներում շնորհուած է, բարձրացուցած են անոր կոչումը եւ նուէրներ տուած են՝ տուն եւ 8 տարուան փոխհատուցում։

«Ատրպէյճանի ամօթալի արարքը սպառնալիքի տակ կը դնէ ողջ Հարաւային Կովկասի անվտանգութիւնը»,- Սաֆարովի ազատ արձակուելէն ետք նշած է այն ժամանակուայ նախագահ Սերժ Սարգսեանը։

«Յանցագործէն հերոս «սարքելը» անթոյլատրելի է»,- աւելցուցած է ան։

Վարդանեանի խօսքերով՝ «մենք կ'ուզէինք, որ դատարանը վճռեր, որ անոր ետ վերադարձնէին Հունգարիա կամ երրորդ երկիր, որպէսզի պատիժի կրումը աւարտէր, քանի որ Ատրպէյճանի մէջ անոր հերոս կը համարեն»։

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւրոպական կեդրոնի տնօրէն Ֆիլիփ Լիչը , որ նոյնպէս կը ներկայացնէ հայցուորները, նշած է, որ գործը կ'ընդգրկէ նոր իրաւական տարածք, եւ դատարանի որոշումը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ կալանաւորներու յետագայ փոխանցման համար։

«Ամբողջ աշխարհի մէջ բաւական յաճախ մարդիկ ներման կամ համաներման ենթարկուած են քաղաքական պատճառներով, սակայն երբ պետութիւնը համաներում կամ ներում կը շնորհէ, այդ յաճախ կը խախտէ մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ անոնց պարտաւորութիւնները»,- նշած է ան։

Հունգարիոյ օմպուտսմենի 2012-ի զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Հունգարիան չէ խախտած որեւէ միջազգային օրէնք, սակայն, այնուամենայնիւ հետեւութիւն կ'ըլլայ, որ հունգարական կառավարութիւնը «բաւարար զգոյշ չէ եղած, երբ որեւէ երաշխիք չէ պահանջած  Ատրպէյճանէն»։

Որոշումը ընդունուած է, երբ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը այցելած է Պաքու։

«Ինչ կը վերաբերի Հունգարիային, ապա ես հակասական զգացումներ ունիմ՝ երախտագիտութիւն Հունգարիոյ դատական իշխանութեան հանդէպ, որ բաւական զօրաւոր էր արդարադատութեան իրականացման մէջ․․․ եւ հիասթափութիւն՝ կապուած մարդասպանի արտայանձնման հետ՝  ի հեճուկս դատական որոշումներու եւ անպատժելիութեան մշտական վտանգի»,- նշած է Մակուչեանը։