image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ մէջ.10 ժամ տեւած վիրաբուժութիւնէ ետք 11- ամեայ Նարէի գործողութիւնը պսակուած է յաջողութեամբ

Պոլսոյ  մէջ.10  ժամ տեւած վիրաբուժութիւնէ  ետք  11- ամեայ Նարէի   գործողութիւնը  պսակուած է յաջողութեամբ

Առողջական  պատճառներով  Պոլիս  ապրող   ՀՀ  քաղաքացի 11-ամեայ  Նարէ  Խաչատրեանը  ենթարկուած է   վիրաբուժական  ծանր   գործողութեան   եւ   աչքերը  բանալով   դարձեալ  ժպտացած է  աշխարհին։

Այս մասին «Արեւելք»    տեղեկութիւն ստացաւ Նարէի  հարազատներէն։

Կը  նշուի նաեւ, որ Նարէի  երիկամին վրայ  գոյացած քաղցկեղային ուռը  յաջողութեամբ հանուած է  եւ ան  պիտի անցընէ     կազդուրման   շրջան մը։

Վիրաբուժութիւնը տեղի ունեցած է    Պոլսոյ  հիւանդանոցին մէջ, եւ Նարէի  մայրիկ՝ը  Տիկին Ֆլորան մօտէն  հետեւած է      Նարէի  վիճակին։

Նարէի  մայրիկը նաեւ  շնորհակալութեան   յատուկ խօսք  յղած է Պոլսոյ հայկական  համայնքի   պատասխանատուներուն եւ մասնաւորապէս Պոլսոյ հայոց Պատրիարք՝ Ամեն. Տ.  Սահակ   Բ.  Պատրիարքին  անոնց  ցոյց տուած    աջակցութեան եւ նեցուկին համար։

Կը նշուի նաեւ, որ  յաջողութեամբ  պսակուած   գործողութիւնը եղած է բաւական  թանկ, որուն համար ալ  իրենց   շնորհակալ  աջակցութիւնը  ցոյց  տուած է Պոլսոյ համայնքը։