image
Հրատապ լուրեր:

168 ՀՀ քաղաքացիներ Թուրքիայէն տեղափոխուեցան Հայաստան

168 ՀՀ քաղաքացիներ Թուրքիայէն տեղափոխուեցան Հայաստան

168 ՀՀ քաղաքացիներ Թուրքիայէն տեղափոխուեցան Հայաստան: Այս մասին կը տեղեկացնէ Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:

Վրացական իշխանութիւններու հետ բանակցութիւններու աւարտին, այսօր՝ 22 մայիսին, հնարաւոր դարձաւ Թուրքիա գտնուող ՀՀ 168 քաղաքացիներու տեղափոխման համար Վրաստանի տարածքով միջանցքի տրամադրումը եւ անոնց՝ Հայաստան տեղափոխումը (4 հանրակառքերով):

Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը համակարգած է Վրաստանի տարածքին ՀՀ քաղաքացիներու դիմաւորման եւ մինչեւ Բագրատաշէնի անցակէտ տեղափոխման աշխատանքները, անոնց տրամադրած է ուտելիք եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ, ինչպէս նաեւ ապահոված է Վրաստանի տարածքին ՀՀ քաղաքացիներու երկանգամեայ կանգառի ախտահանման աշխատանքները։