image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսաստանէն կարեւոր յայտարարութիւն. «Քորոնա»ի դէմ պատուաստը՝ Յուլիսին

Ռուսաստանէն կարեւոր յայտարարութիւն. «Քորոնա»ի դէմ պատուաստը՝ Յուլիսին

Ռուսաստանի առողջապահութեան նախարար Միխայիլ Մուրաշքոն յայտնած է, որ հակա-քորոնա ժահրային պատուաստը յուլիսի վերջը պիտի յայտնուի, կը տեղեկացնէ Gazeta-ն։

Անոր խօսքերով՝ ներկայիս կ'իրականացուին շիճուկի մինչքլինիքական փորձարկումներ։ Մուրաշքոն նշած է, որ առաջին արդիւնքները պարզ պիտի դառնան յուլիսին։ «Ամէն ինչ առայժմ կ'ընթանայ նախատեսուածի համաձայն, առայժմ որեւէ խափանում չկայ»,- աւելցուցած է նախարարը։ Ասոր հետ կապուած՝ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը կանխատեսէ, որ պատուաստը շրջանառութեան մէջ պիտի յայտնուի յուլիսի վերջը։