image

Միշտ պատնէշի վրայ. Կիւլպէնկեան հիմնարկը 30.000 ԱՄՆ տոլար յատկացուց լիբանանահայութեան

Միշտ  պատնէշի վրայ. Կիւլպէնկեան հիմնարկը 30.000  ԱՄՆ տոլար  յատկացուց լիբանանահայութեան

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնը 30,000 ամերիկեան տոլարի մարդասիրական օգնութիւն կը յատկացնէ լիբանանահայ գաղութին.

 

Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը 30.000 ամերիկեան տոլար կը տրամադրէ ընկերային ծառայութիւններ մատուցող լիբանանահայ երեք կազմակերպութիւններու՝ քաջալերելու երկրին ծանր տնտեսական պայմաններուն եւ Քովիտ 19-ին ստեղծած բժշկական տագնապը յաղթահարելու համար անոնց նախաձեռնած մարդասիրական աշխատանքները:

 

Իւրաքանչիւրը 10.000 ամերիկեան տոլարի օժանդակութիւն ստացող երեք կազմակերպութիւններն են.-

-          Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ (ԼՕԽ)

-          Հայ Կրթական Բարեսիրական Կազմակերպութիւն (ՀԿԲՄ)

-          Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութիւն

Տրամադրուելիք նպաստները պիտի օգնեն այս կազմակերպութիւններուն շարունակել լիբանանահայ գաղութի կարիքաւորներուն սնունդի, դեղորայքի եւ բժշկական ծառայութիւններ մատուցելու իրենց նախաձեռնած աշխատանքները:

 

Այս նուիրատուութիւնը համահունչ է լիբանանահայ կրթական ոլորտէն ներս Հիմնարկութեան նախաձեռնած աշխատանքներուն:  Հոսկէ մեկնելով, դեկտեմբեր 2019-ին եւ յունուար 2020-ին, Հիմնարկութիւնը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրած էր Լիբանանի մէջ գործող 18 հայկական վարժարաններուն: Մարդասիրական այս օգնութիւնը կ'ամբողջացնէ Քովիտ-19-ին վերաբերող բժշկական սարքեր ապահովելու նպատակով Հայաստանին ղրկուած օժանդակութիւնը:

 

Հայկական Բաժանմունքին կողմէ կատարուած այս նուիրատուութիւնը մաս կը կազմէ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Քովիտ-19-ին վերաբերող ընդարձակ ծրագիրներուն:Ան պսակաձեւ ժահրին ստեղծած տագնապը յաղթահարելու նպատակով Բաժանմունքին նախաձեռնած տարբեր ծրագիրներէն մէկն է: