image

Հալէպի մէջ ուշագրաւ նախաձեռնութիւն. Հալէպահայ Պետրոսեան եղբայրներ ոսկիով պատած են «Պապ ալ ֆարաճ»ի ժամացոյցը (Տեսանիւթ)

Հալէպի մէջ  ուշագրաւ  նախաձեռնութիւն.  Հալէպահայ  Պետրոսեան  եղբայրներ  ոսկիով   պատած  են  «Պապ  ալ ֆարաճ»ի ժամացոյցը (Տեսանիւթ)

Հալէպի «Պապ ալ  Ֆարաճ»ի յայտնի ժամացոյցը պատուած է ոսկեջրով։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։

Մեր տուեալներով հալէպահայ բարերարներ՝ Բենօ (յայտնի՝ Ապու Վանէս անունով) եւ Ռաֆֆի Պետրոսեաններ անցնող շաբաթներուն հանդէս եկած են երեւելի նախաձեռնութեամբ մը եւ ոսկեջրով պատած են Հալէպի Պապ Ալ  Ֆարաճ հրապարակին վրայ կանգնեցուած աշտարակի պատմակերտ ժամացոյցը։

Կը նշուի նաեւ, որ այս մասին յատուկ տեսանիւթ մը պատրաստած է  հալէպցի լրագրող՝  Քինանա Ալլուշը (Տեսնել տեսանիւթը)։

Յիշեցնենք, որ Հալէպը հարուածած պատերազմի ամէնէն թէժ փուլերը տեղի ունեցած էին քաղաքի ամենայայտնի հրապարակներէն համարուող «Սաատ ալլա ալ ժապէրի» հրապարակին վրայ եւ հակառակ ահաբեկիչ զինեալներու մեծաթիւ ըլլալուն Սուրիոյ բանակը անդրդուելի մնացած ու  շարունակած էր պահպանել Հալէպ  քաղաքը։