image

Որո՞ւն պատկանած են Թուրքիոյ Նազիլլի շրջանը գտնուած հայկական գերեզմանաքարերը

Որո՞ւն  պատկանած են Թուրքիոյ Նազիլլի շրջանը գտնուած հայկական գերեզմանաքարերը

Թուրքիոյ արեւմտեան Այտըն նահանգի Նազիլլի շրջանին մէջ օրեր առաջ քաղաքային այգիի կառուցման աշխատանքներու ընթացքին երկու հայկական գերեզմանաքարեր գտնուած են:

Այտըն քաղաքի թանգարանի աշխատակազմը վերծանած է այդ գերեզմանաքարերու վրայի գրութիւնը, որմէ պարզ դարձած է, որ գերեզմանաքարերէն մէկը պատկանած է 1600թ. մահացած քահանայ Մովսէսին, իսկ միւսը՝ 1769թ. մահացած քահանայ Մարտիրոսի կնոջ՝ Եփրաքսիային:

Գերեզմանաքարերուն վրայ եղած են հետեւեալ գրութիւնները.

«Այստեղ կը գտնուի Յովսէփի որդի՝ քահանայ Մովսէսի գերեզմանը»:

Մահուան թուականը 1108 է հայկական օրացոյցով, որ կը համընկնի 1660 թուականին:

«Այստեղ կը գտնուի Մարտիրոս քահանայի կնոջ՝ Եփրաքսիայի գերեզմանը»:

«Ան կը խօսի Աստուծոյ ողորմութեան մասին եւ կը յիշէ Աստուծոյ առատաձեռնութիւնը: Ան փրկութիւն կը հայցէ եւ գիշերուան ժամուն կը խնդրէ հաւատցեալի զօրացումը: Աստուծոյ գործերը մեծ են եւ անոր գաղտնիքները խոր են, եւ Աստուած է իմ օգնականը: Եւ վերջն ալ ան սուրբ հրեշտակներուն կը ձայնէ»:

Մահուան տարեթիւն ըստ հայկական օրացոյցի 1217 է, որ կը համապատասխանէ 1769 թուական:


 

 

 

Աղբիւրը՝ «Նազիլհաւատիս»