image
Հրատապ լուրեր:

«Առկայ փաստերը թոյլ չեն տար ըսելու, որ «Քորոնա»ն ստեղծուած է մարդու միջամտութեամբ» Անոյշ Թասլաքեան

«Առկայ   փաստերը թոյլ չեն տար ըսելու, որ  «Քորոնա»ն ստեղծուած է մարդու միջամտութեամբ» Անոյշ  Թասլաքեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Լոս Անճելոս  հաստատուած  հանրային առողջապահութեան մասնագէտ, դասախօս  Անոյշ Թասլաքեան:

-Համաճարակի թէժացման հետ, այլ գիծի մը վրայ կը տարածուին այս վարակին «կենսաբանական զէնք» մ՚ըլլալու մասին խօսքերը. Դուք, որպէս քիմիաբան մասնագէտ, ի՞նչ մօտեցում ունիք  այդպիսի վարկածներու վերաբերեալ։

Այդ վարկածը չի բացառուիր, չենք կրնար հերքել, բայց վարակաբանութեան տեսակէտէն, չեմ ուզեր կեդրոնանալ այդ թեմային վրայ, կ'ուզեմ մօտենալ զուտ մասնագիտական     տեսանկիւէն  եւ ըսել, որ համաշխարհային համաճարակի վերածուած «Քորոնա» ժահրի այս տեսակը, չի տարբերիր միւս «Քորոնա» վարակի իր ազգականներէն։ Չի տարբերիր,  որովհետեւ եթէ նայինք վարակաբանութեան  տեսակէտէն, «Քորոնա»ն կը պատկանի ընտանիքի մը, որ կը կոչուի «Քորոնա վիրիտա», եւ այդ ընտանիքին անդամներէն է COVID-19, որ այսօրուան համաճարակն է, նոյն ընտանիքէն եղած են նաեւ «Սարս»ը, եւ «Մըրս» վարակները, որոնք համաճարակներ եղած են անցեալին:

Այսինքն, մենք, որպէս մասնագէտ, կ'ուզենք կեդրոնանալ վարակին ձեւին վրայ, տեսքին վրայ,եւ «Քորոնա» ժահրը իր մնացեալ ազգականներուն նման կլոր է, եւ կ'ուզենք կեդրոնանալ նաեւ  անոր  ծագումնաբանութեան վրայ, այսինքն արդեօք «Քորոնա» ժահրն ալ իր ազգականներուն նման «ռեթրովայրըս» է, այսինքն  այս վարակի պարագային     ծագումնաբանական տեղեկութիւնը RNA-ի ձեւով  կը տարածուի  եւ ոչ թէ   DNA-ի  ճանապարհով , եւ կը բազմանայ HIV վարակին նման, ինչպէս իր ազգակիցները: Կ'ուզեմ նաեւ նշել, որ տուեալ «Քորոնա» ժահրը, որ COVID 19-ն է, իր ընտանիքին անդմաներու ունեցած նմանատիպ ազդեցութիւնը ունի բջիջներուն վրայ,  ան պէտք է փակչի, այսպէս ըսած, APC 2 «ռիսափթըր»ներուն (կենդանիի կամ մարդու բջիջներուն վրայի հիւրընկալ մոլէքիւլ) վրայ:

Ըսածներէս հետեւութիւն ընելով, ի հարկէ չեմ կրնար 100 տոկոսով ըսել, թէ արդեօք այս ժահրը իսկական է, կամ մարդը ստեղծած է զայն, բայց կրնամ յստակ ըսել, որ ան շատ նմանութիւն ունի իր ընտանիքի անդամներուն հետ: Հետեւաբար, ես, որպէս մասնագէտ, հակուած եմ հաւատալու, որ այս վարակը կենսաբանական զէնքի նպատակով մարդու կողմէ չէ ստեղծուած, այլ «Քորոնա»ի ընտանիքի անդամներէն մէկն է, որ ուղղակի փոփոխութեան ենթարկուելով, դարձած է COVID19, ինչպէս ցոյց կու տան կենսաբանական հետազօտութիւններու արդիւնքները, եւ մենք որպէս մասնագէտներ, չենք հաւատար տարածուած լուրերուն, այլ կը հաւատանք միայն տեղեկութիւններուն, որոնք հաստատուած են հետազօտութիւններով:

 

-Մարդկութեան համար վտանգաւոր կը համարէ՞ք այս վարակը։

Հիմնական տեղեկութիւնը, որ մենք ունինք այս պահուն, այն է, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած մարդոցմէ ընդամէնը 2 տոկոսը կը մահանայ. համաճարակաբանութեան տեսակէտէ դիտելով, մահացութեան երկու տոկոսը մենք կը համարենք ցած տոկոս: Այստեղ կ'ուզեմ մասնագիտական կարեւոր բան նշել՝ մահացութեան տոկոսը հաշուելու համար մենք պէտք է նախ ունենանք այն մարդոց թիւը, որոնք իրօք վարակուած են «Քորոնա»ով, սակայն յաճախ կ'ըլլան վարակուած մարդիկ, որոնք ախտանշաններ չեն ունենար եւ չեն երթար հետազօտութեան, հետեւաբար չեն յայտնաբերուիր, եւ այդպիսով մեր մօտ գրանցուած վարակուած մարդոց թիւը շատ աւելի քիչ կ'ըլլայ, քան իրականութեան մէջ է, եւ հետեւաբար մահացութեան տոկոսը իրականութեան մէջ շատ աւելի ցած է, քան մենք հիմա ունինք, որպէս տեղեկութիւն:

 

-Վարակը իր հետ բերաւ մեծ ու կարեւոր հարցադրումներ, որոնց ամէնէն էականն  այն էր, թէ այսօր ամբողջ աշխարհի առողջապահական համակարգը թոյլ է եւ անպիտան։ Համաձայն է՞ք  այդ վարկածին հետ։ Ի՞նչ կրնաք աւելցնել։

Աշխարհի առողջապահական համակարգի թոյլ կամ անպիտան ըլլալու հարցին վերաբերեալ շատ չէզոք մօտեցում ունիմ, որովհետեւ նոյնիսկ ամենայաջողակ եւ ամենահզօր առողջապահական համակարգ ունեցող  երկիրը կրնայ ունենալ ոչ ընկալունակ, փոփոխութեան չենթարկուող ժողովուրդ: Այսինքն, երբ որ առողջապահութեան նախարարութիւնը կ'ըսէ տուները մնացէք եւ ժողովուրդը մտիկ չընէր,  չանսար  իր կառավարութեան կոչերուն  եւ մինչեւ օրէնքով պատժելիութեան  խնդիր չդրուի,  այդ արդէն  շատ մեծ ցուցանիշ է, որ հարցը միայն համակարգի հարց չէ, այլ ժողովուրդի ընկալունակ չըլլալու հարց:

 

-Մէկէ  աւելի առողջապահական ոլորտի պատասխանատուներ նկատել կու տան, որ «Քորոնա»ն իր հետ պիտի բերէ առողջապահական նոր լուծումներ, նոր գործելաոճեր  եւ ի վերջոյ պատճառ պիտի դառնայ, որ համայն մարդկութիւնը «աբկրէյտ» ընէ իր ունեցած մօտեցումները։

Արդեօք աշխարհը, գիտութիւն եւ ընդհանրապէս առողջապահութեան ոլորտը պիտի զարգանա՞յ այս համաճարակէն ետք, այս հարցին շուրջ ես դարձեալ ունիմ շատ չէզոք մօտեցում, որովհետեւ, որպէս մասնագէտ, եթէ հետեւինք համաճարակներու պատմութեան, կը տեսնենք, որ կրնայ նոր կամ աւելի արդիւնաւէտ մեթոտներ մէջտեղ եկած ըլլան, բայց փաստը կը մնայ փաստ, որ ասիկա առաջին համաճարակը չէ, որ աշխարհով մէկ սփռուած է եւ, ըստ երեւոյթին, մինչեւ հիմա տարբեր երկիրներու առողջապահական համակարգերուն այդ ամէնը դաս չէ եղած, որպէսզի յաջորդ գալիք համաճարակին աւելի լաւ պատրաստուած ըլլան. օրինակ «Սարս»ը, «Մըրզ»ը  այլ  վարակներ,  կամ բոլոր այն համաճարակները, որոնք արդէն եղած ու վերջացած են երկրագունդին վրայ, դաս չեն եղած, հետեւաբար չեմ կրնար ըսել,  թէ արդեօք  աշխարհը  դրական  ընթացքով  մը պիտի փոխուի «Քորոնա»էն ետք, թէ ոչ, բայց յոյսով եմ, որ այս անգամ   ստեղծուած  իրավիճակը դաս կ'ըլլայ աշխարհի բոլոր երկիրներուն, անկախ անոնց ունեցած   առողջապահական  համակարգի խոցելիութենէն կամ  նոյնիսկ նիւթական կարողութենէն: