image

«Ստիպուած պիտի ըլլանք երկաթէ բռունցք օգտագործելու» Լիբանանի ներքին գործոց նախարարը ահազանգ հնչեցուց

«Ստիպուած  պիտի ըլլանք երկաթէ  բռունցք  օգտագործելու» Լիբանանի  ներքին գործոց նախարարը   ահազանգ  հնչեցուց

Լիբանանի ներքին գործոց նախարար  Մոհամմատ  Ֆըհմի     մամլոյ ասուլիս մը տալով   ահազանգ հնչեցուց։

 Այս  մասին տեղեկութիւնը   հաղորդեց    Պէյրութեան  VDL   կայանը։  

 Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ   նախարար  Ֆահմի, որ  իր  խօսքով  ծանրացաւ «Քորոնա»ի  հետեւանքով  առկայ  վտանգներուն  վրայ  լոյս  նշելով, որ  եթէ  իրադրութիւնը այսպէս շարունակուի եւ  մարդիկ անտեսեն իրաւապահ  մարմիններուն տունը մնալու  յորդորները, ապա  իրենք  ստիպուած  պիտի ըլլան  «երկաթէ բռունցք»  գործածելու։

Ֆահմի նաեւ  նշեց, որ  Լիբանանի մէջ   առկայ վարակակիրներուն թիւը համեմատած   շրջակայ երկիրներուն  եւ Լիբանանի  բնակչութեան  թիւին  շատ մեծ են եւ  մտահոգիչ։

 

 Լիբանանցի պաշտօնեան   նաեւ նշեց,  որ   «ճիշդ է ներկայիս  վիճակը  վերահսկողութեան  տակ է, սակայն  եթէ     վարակակիրներու թիւը  շարունակէ մագլցիլ, ապա  չենք գիտեր երբ  իրադրութիւնը կը  կարողանայ մեր  վերահսկողութիւնէն դուրս գալ,   եւ այդ  պարագային    վիճակը  քաոսային կրնայ ըլլալ», զգուշացուց  նախարարը։

 Նախարարը իր խօսքը եզրափակելով նկատել  տուաւ, որ եթէ   լիբանանցիք      շարունակեն  անտեսել պետական մարմիններուն   տունէն   դուրս  չգալու    կոչերը, ապա   պետութիւնը ստիպուած  պիտի ըլլայ ամբողջ   Լիբանանի  մէջ  «պարէտային  ժամ»   յայտարարելու։

 

 

Նշենք, որ  Լիբանանի մէջ «Քորոնա»ի հետեւանքով վարակուածներու  թիւը անցած է 500-ը, իսկ զոհերունը  անցած  է  15-ը։