image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսահայ մտաւորական Մասիս Քիւրքճիւկիլ «Քորոնա»ի կասկածով փոխադրուած է հիւանդանոց

Պոլսահայ  մտաւորական  Մասիս Քիւրքճիւկիլ «Քորոնա»ի  կասկածով փոխադրուած է հիւանդանոց

Պոլսահայ    հրապարակախօս եւ հրատարակիչ՝  Մասիս Քիւրքճիւկիլ   «Քորոնա»  վարակով  բռնուած ըլլալու  մտավախութեամբ  փոխադրուած է հիւանդանոց։

Այս  մասին տեղեկութիւնը  Թվիթըրի վրայ  կը յայտնէ   թուրք    հրատարակիչ ՝ Քէմալ Քոճաք։

Լուրը   յայտնողը նաեւ կը  նշէ, որ  Քիւրքճիւկիլ եւ անոր  կինը ՝ Ինճէ տարուած են Շիշլիի շրջանին մէջ   գտնուող  հիւանդանոց  եւ կը գտնուին բժիշկներու խնամքին տակ։

Յիշեցնենք, որ ձախակողմեան  ընկալումներով յայտնի   Քիւրքճիւկիլ       հրապարակախօսական յօդուածներ կը ստորագրէ    Թուրքիոյ  ընդդիմադիր շրջանակներուն  մէջ    մեծ տարածում ունեցող «Սէօզճիւ»    պարբերականին մէջ։

Մեր ունեցած   տուեալներով     պոլսահայ մտաւորականը ներկայ  հանգրուանին  հանդէս կու գայ  բացառապէս  թրքերէնով։