image

Ոչ եւս է Ֆրանսահայ ակնառու քաղաքական գործիչ Փաթրիք Տէւէճեանը

Ոչ եւս է  Ֆրանսահայ ակնառու  քաղաքական  գործիչ  Փաթրիք Տէւէճեանը

Փարիզի  մէջ  իր մահկանացուն կնքած է  Ֆրանսահայ  ակնառու  քաղաքական  գործիչ  Փաթրիք Տէւէճեանը։

Այս մասին  լուրը կը հաղորդէ ֆրանսական   Lepoint  պարբերականը՝  նշելով   նաեւ, որ 75-ամեայ  քաղաքական   գործիչը մահացած է   «Քորոնա»  վարակի   հետեւանքով։

Ի դէպ  Տէւէճեան        օր առաջ՝   26  մարտին դվիթերի իր էջով   շնորհակալութեան խօսք ուղղած էր      հիւանդանոցի բոլոր աշխատակիցներուն, բժիշկներուն եւ բոյժքոյրերուն, որոնք հոգ կը տանէին իրեն։

Ան մասնաւորապէս գրած էր.  «Համաճարակը  զիս ալ  խոցեց։ Յոգնած եմ, սակայն    իմ բուժմանս  հետեւողներուն շնորհիւ     պիտի ապաքինուիմ», - գրած   էր   հայազգի  գործիչը  

Փաթրիք  Տէւէճեանը  եղած է նախկին  նախարար, տարբեր  ժամանակներ  ան    զբաղեցուցած է Ֆրանսայի արդիւնաբերութեան  եւ տեղական ինքնակառավարման հարցերու նախարարի պաշտօնները, եղած է  նաեւ Անթոնի  շրջանի  քաղաքապետ  եւ  Օ տէ Սէնի նահանգապետ:

2014 թուականին  Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնի առթիւ, ինչպես նաեւ  Հայաստանի Հանրապետութեան   եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան միջեւ բարեկամական կապերու  ամրապնդման գործին մէջ  իր ունեցած   նշանակալի աւանդին   համար  Տէւէճեան պարգեւատրուած էր Պատւոյ  շքանշանով: