image

«Ես քաջառողջ եմ եւ կը շարունակեմ առաքելութիւնս».Բժիշկ Ռաֆֆի Փօլատեան

«Ես քաջառողջ եմ եւ կը շարունակեմ  առաքելութիւնս».Բժիշկ  Ռաֆֆի  Փօլատեան

  «Քորոնա»   ժահրի հետեւանքով  երէկ  Պէյրութի  մէջ կը մահանար    լիբանանահայ  երիտասարդ ՝  Պետիկ Օղկասեանը։

 Մահուան բօթի  տարածուելէն քիչ անց     ընկերային  ցանցերու  վրայ  տարածուիլ սկսաւ  ձայնային   հաղորդագրութիւն մը, որուն  անյայտ  հեղինակը  սխալ տեղեկութիւններ տարածելով  կը  յայտարարէր, թէ  Պետիկ  Օղկասեան նախքան հիւանդանոց փոխադրուիլը դիմած էր  լիբանանահայ բժիշկ   Փօլատեանին (ի դէպ  ձայնագրութեան  մէջ  կը նշուէր  միայն   բժիշկին    ազգանունը)  եւ իր   կարծիքով     բժիշկն ու անոր   օգնականները   վարակուած էին «Քորոնա»ով։

 Աւելի   ուշ    լիբանանահայ   բժիշկ  Տօքթ. Ռաֆֆի  Փօլատեան  «Արեւելք»ի խմբագրութեան   յղեց   կարճ   հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ   կը ցաւակցէր  գրանցուած  զոհին  համար ու նաեւ  կը դատապարտէր նման  ոճով  իր անուան  յիշատակումն ու սխալ  տեղեկութիւններ  տարածելու   մերժելի   մօտեցումը։

 Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք  լիբանանահայ  բժիշկին     գրառումը՝

 

Երէկ դեռ իմացայ բօթը լիբանանահայ  երիտասարդ  Պետրոս Օղկասեանին որ պատահած է «Հարիրի»  հիւանդանոցին մէջ, «Քորոնա»Ի  պատճառով։

Խորին ցաւակցութիուններս իր ընտանիքին։

Այսու կը տեղեկացնեմ որ ես ոչ մօտիկէն, ոչ ալ հեռուէն կը ճանչնամ սոյն հիւանդԸ։

Քանի որ չարալեզու հայազգի մը, դաժան վերագրում մը ունեցած է իմ հասցէիս։ Նախ , սխալ բուժելու եւ ապա «Քորոնա» ժահրը տարածելու յանցանքով։

Կը բացայայտեմ որ ես քաջ առողջ եմ, եւ իմ բժշկական առաքելութիւնս կը շարունակեմ, հակառակ երկրիս դժնդակ պայմաններուն։

Իսկ չարալեզու սոյն անհատին կ՚ըսեմ - Սաստուի՜ր ենթակայ ես հետապնդման։