image

Յետաձգել Արցախի ընտրութիւնները. Աւետիք Իշխանեան

Յետաձգել Արցախի ընտրութիւնները. Աւետիք Իշխանեան

Համաճարակային իրավիճակը երթալով կ'անհանգստացնէ եւ որքան ալ Արցախի ԿԸՅ-ն, այլ կառոյցները զգօն ըլլան, միեւնոյնն է, աւելի ճիշդ է յետաձգել ընտրութիւնները։

Այս մասին իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է իրաւապաշտպան Աւետիք Իշխանեանը։ Գրառման մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «ԿՈՉ ԱՐՑԱԽՑԻՆԵՐՈՒՆ Երկար ժամանակ կը մտածէի, «խառնուի՞լ» Արցախի ընտրութիւններուն, թէ՞ ոչ:

Այնուամենայնիւ, համաճարակային իրավիճակը երթալով կ'անհանգստացնէ եւ որքան ալ Արցախի ԿԸՅ-ն, այլ կառոյցները զգօն ըլլան, միեւնոյնն է, աւելի ճիշդ է յետաձգել ընտրութիւնները։

Յարգելի արցախցիներ, գիտեմ, որ դուք տեսանելի թշնամիէն չէք վախնար, բայց սա դիմացդ կանգնած հակառակորդ չէ, մի վտանգէք Արցախ-Ամրոցի անառիկութիւնը եւ ՅԵՏԱՁԳԵՑԷՔ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ»։